Տեսակէտ. Լիբանանեան Նորօրեայ Խճանկարին Մէջ Ո՞ւր Կը Գտնուինք

ՊԱՐՈՅՐ ԱՂՊԱՇԵԱՆ

Լիբանանեան քաղաքական կեանքը կ՛եռեւեփի:
Լիբանանեան ապահովական վիճակը կը սրի:
Լիբանանեան տնտեսական կացութիւնը կը տատանի:
Լիբանանեան համայնքային դրութիւնը կը խաթարուի:

Զզուանք ու գարշանք պատճառող տխուր իրականութիւններ, որոնք լիբանանցիին առօրեային մաս կը կազմեն` իրենց խոցելի եւ ողբալի հետեւանքներով:

Այնպիսի աննախընթաց վիճակ մը ստեղծուած է երկրին մէջ. քաղաքական կողմերը, յայտարարութիւններով եւ ելոյթներով, միայն զիրար կը նախատեն ու կը կշտամբեն ամէնէն բիրտ ու փողոցային լուտանքներով ու բառակոյտերով, մինչեւ իսկ զիրար բզկտելով ու հարուածելով, յատկապէս` հեռատեսիլային բանավէճերու կամ հարցազրոյցներու ընթացքին:

Ո՛չ կրթութիւն, ո՛չ ալ քաղաքավարութիւն մնացած է:
Ո՛չ յարգանք, ո՛չ ալ ակնածանք մնացած է:
Ո՛չ ազնուութիւն, ո՛չ ալ անկեղծութիւն մնացած է:
Ո՛չ ընկերութիւն, ո՛չ ալ բարեկամութիւն մնացած է:

Ամէն մարդ դիմացինին երեսը նայելով` ընդոստ կը մտածէ, թէ անիկա քաղաքական ո՞ր հոսանքին կը պատկանի, ո՞ր համայնքէն է, ո՞ր շրջանը կ՛ապրի, ո՞ր ղեկավարին կողմնակից է:

Հիւանդ է լիբանանցին:

Աւելի ճիշդ` հիւանդացուցած են զինք:

Շատ աւելի ճիշդ` խենթացուցա՜ծ են զինք:

Ինքն ալ կամովին թէ բռնօրէն հիւանդացած ու խենթացած է:

Գիտէ՞ք` ինչո՛ւ. որովհետեւ լիբանանցին կը դժգոհի այս խելագարութենէն, կը բորբոքի, կը բողոքէ, նոյնիսկ… կը կատղի, սակայն, նոյնհետայն կը հետեւի այս կամ այն հոսանքին, կը ծառայէ այս կամ այն պարագլուխին, կը գովերգէ այս կամ այն կողմը:

Այս կատակերգութիւն-ողբերգութիւնը կամ ողբերգութիւն-կատակերգութիւնը ամէն օր, ամէն առիթով եւ ամէն տեղ կը կրկնուի, այն աստիճան, որ ներհամայնքային ու միջհամայնքային բաժանումներ կը ստեղծուին, հակամարտութիւններ կը յառաջանան, ոճիրներ կը գործուին:

Քաղաքական կողմեր` մեծ թէ փոքր, քաղաքական դէմքեր` արժանաւոր թէ անարժան, քաղաքական նախաձեռնութիւններ` օգտակար թէ անպէտք, երկիրը հասցուցած են այս ճահճային վիճակին, որովհետեւ ժխտականը արդէն ժխտական է, թունաւորելու աստիճան, մինչ դրականը միայն խօսք է, քաղաքական աժան ու գծուծ հաշիւներով:

Ատենին գիտէինք, թէ անգիր օրէնքով Լիբանանի նախագահը կը նշանակուէր… դուրսէն, մնացեալը սոսկ… թատրոն էր, իսկ հիմա՞, իւրաքանչիւր շարժում, արարք, դիրք կամ հանգամանք կը տնօրինուի արտաքին աշխարհէն, առնուազն` անոր գիտակցութեամբ ու համաձայնութեամբ:

Այդ ո՞ր ժողովրդավարութեան մասին կը խօսուի. այն ժողովրդավարութեա՞ն, որ միակ հարստութիւնն էր Լիբանանին, իսկ այսօր ի՞նչ մնացած է անկէ, բացի ժողովուրդը եւ երկիրը… վառելու փորձերէն, պետական կառոյցներու թէ այլ լծակներու ընդմէջէն:

Իշխանաւորները իրենց աթոռներուն ու պաշտօններուն ծառայելու եւ նուիրուելու փոխարէն, յանուն ժողովուրդին եւ երկրին բարօրութեան, ինչպէ՞ս կ՛ըլլայ, որ ոմանք կը յաւակնին խօսիլ համայնքային լեզուով ու համայնքային նշանակումներու ջատագով դառնալ, համայնքային շահերը գերիվեր նկատել, համայնքային ծրագիրները նախադասել:

***

Լիբանանեան այս խճապատկերին մէջ ո՞ւր կը գտնուի լիբանանահայութիւնը` իր քաղաքական-ազգային թէ հասարակական- ընկերային գործունէութեամբ:

Եթէ ըսենք, թէ անտարբեր է, ճիշդ չէ:
Եթէ ըսենք, թէ չէզոք է, ճիշդ չէ:
Եթէ ըսենք, թէ կրաւորական է, ճիշդ չէ:
Եթէ ըսենք, թէ դիտող է, ճիշդ չէ:
Բայց, կրնա՞նք ըսել, թէ գոհ է:
Կրնա՞նք ըսել, թէ համամիտ է:
Կրնա՞նք ըսել, թէ համակերպող է:
Կրնա՞նք ըսել, թէ հանդուրժող է:

Ազգային խայտաբղէտ ղեկավարութիւնները կը գտնուի՞ն իրենց արժանի հորիզոնականներուն վրայ` իրենց ներկայութիւնը զգացնելով հո՛ն, ուր պէտք է, հո՛ն, ուր կարիքը կը զգացուի:

Իսկ լիբանանեան այս խրող ու խրուող կացութեան մէջ ո՞ւր չկան մտահոգիչ ու տագնապեցուցիչ ելեւէջներ կամ խառնափնթոր իրավիճակներ, որոնք կը պահանջեն համապատասխան ճիշդ, խոհեմ ու լրջահայեաց կեցուածքներ:

Սակայն ո՞վքեր եւ ինչպէ՞ս պիտի ցուցաբերեն այդ բոլորը, երբ`

– Խորհրդարանական մակարդակի վրայ ականջալուր կ՛ըլլանք խռպոտ ձայներու կամ ներկայութիւններու, որոնք իրենց գրաւած աթոռները կը շահարկեն, մոռնալով, որ ատոնք իրենց սեփականութիւնը չեն, ոչ ալ կրնան զանոնք ծառայեցնել այլոց ծրագիրներուն, իսկ, ամէնէն կարեւորը, չեն ուզեր հասկնալ, որ այդ աթոռները կը պատկանին լիբանանահայութեան այս կամ այն յարանուանութեան, ապա` ժողովրդային-զանգուածային խաւերուն, հուսկ` ազգային տարաբնոյթ կազմակերպութիւններուն:

– Ազգային գետնի վրայ միասնութիւնն ու համագործակցութիւնը ո՞ւր կը սկսին եւ ո՞ւր կը վերջանան, այնքան ատեն որ լիբանանեան աւազախրելի քաղաքականութեան մէջ ոմանք իրենց անձնական եսերով ու խակութիւններով կը գործեն, իսկ ուրիշներ իրենց հատուածական շահերով ու հաշիւներով` ապակողմնորոշելով լիբանանահայութեան լայն հատուածներ:

– Ղեկավարական ծիրէն ներս, ձեռնհասներու, ողջմիտներու ու հեռատեսներու բացակայութիւնը խստօրէն զգալի ըլլալով` դուռ կը բանան բազմաթիւ ու բազմագոյն ձախաւերութիւններու եւ անճարակութիւններու:

Այս մատնանշումները կամ յիշեցումները ի՞նչ կը նշանակեն, եթէ ոչ` ինքնագլուխութեան կամ անգլուխութեան դրուածք մը, որ բնաւ ալ բարենիշ չի հանդիսանար լիբանանահայութեան շահերուն եւ իրաւունքներուն:

Սակայն, գիտակցող կա՞յ ազգային (իմա` լիբանանահայկական) այս վտանգաւոր հիւանդկախութեան, մինչ լիբանանեան-շրջանային զարգացումներուն մէջ կը մխրճուի (կը մխրճեն) նաեւ լիբանանահայութիւնը, յատկապէս` ոմանց տեղայնական-խորհրդարանական-քաղաքական… արկածախնդրութիւններով:

Հասկցողներուն…

Պէյրութ, յուլիս 2013

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )