Մոմ Վառելու Արուեստը

ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ

Խաւարը անիծելու փոխարէն` մոմ մը վառէ: Բախտաւոր ենք, որ մեր ազգին մէջ բաւական մեծ է թիւը այն անձերուն, որոնք այս խօսքը իբրեւ ուղեցոյց որդեգրած են եւ իրենց քրտինքով, իրենց նուիրումով, իրենց արիւնով ու իրենց լումայով հայկական երկնակամարէն խաւարը հեռացնելու համար կը վառեն իրենց մոմը:

Մոմ վառողներու այս մեծ բազմութեան կողքին, անշուշտ կան ու կը մնան խաւարը անիծելով բաւարարուողներու կարեւոր թիւով մարդիկ: Անիծել` կը նշանակէ մտահոգուիլ, ցաւիլ, առնուազն` անտարբեր չըլլալ: Անիծողները կրնան շատ դիւրութեամբ միանալ մոմ վառողներու շարքերուն: Անոնց պէտք է կարենալ համոզել, բացատրել, որ իրենց փոքր կամ մեծ ներդրումով մասնակից կ՛ըլլան մեր ազգային կեանքի յառաջդիմութեան, մեր խնդիրներու լուծման ճիգերուն:

Անէծքով, քննադատութեամբ ու խօսքով բաւարարուողները շատ դիւրութեամբ կարելի է վիրաւորել, պախարակել, նոյնիսկ` անարգել: Կրնանք, բայց ի՞նչ պիտի շահինք այդպէս վարուելով. աւելի եւ աւելի պիտի հեռացնենք զանոնք մեր շրջանակէն, աւելի պիտի հիմնաւորենք անոնց անիծելու տրամադրութիւնը:

Մոմ վառելը քաջալերողները, քարոզողները պիտի գիտնան, պարտաւոր են գիտնալ, թէ խաւարը անիծողներուն մէջ ալ կան իրաւ սրտցաւ մարդիկ, որոնց մէջ հաւանաբար շատ են անցեալին մեր հաւաքական նպատակներուն համար իրենց բաժինը բերածներ, որոնք, սակայն, այս կամ այն պատճառով յուսախաբ եղած են, յուսահատած են: Քարոզիչները պէտք է գիտնան նաեւ խաւարը անիծողին մոմ վառել սորվեցնելու կամ մոմ վառելու բաւարարութիւնը յիշեցնելու արուեստը: Մեր բոլորին մտասեւեռումը պէտք է դարձնենք մոմ վառողներու բանակին թիւը ստուարացնել: Կարիքը միշտ ծով է:

 

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )