Սեւ Ցուցակ… Մուտքը Արգիլուած
ՀԱՅՐԵՆԻՔ
35 էջերէ բաղկացած գրքոյկ մը լոյս տեսած է… հուրի եւ կրակի երկրին` Ազրպէյճանի հրատարակչատուներէն մէկուն մէջ: Սակ` ձրի:
Հաւանաբար ընթերցողը կրնայ ենթադրել կամ կռահել, թէ նկարազարդ ու գունագեղ զբօսաշրջական բնոյթ ունեցող բարձր մակարդակի հրատարակութիւն մըն է:
… Սխալ ենթադրութիւն կամ եզրակացութիւն:
Այդ գրքոյկը, պարզ ու մեկին, «Ո՞վ, ո՛վ է» («Who՛s who?») մըն է… այդ ալ` յատուկ «ով»-եր, որոնք կը նկատուին անբաղձալի անձնաւորութիւններ` «փերսոնա նոնկրաթա»-ներ: Չկայ շօշափելի նիւթ, այլ` չոր ու ցամաք տեղեկութիւններ եւ քննադատական աւելորդաբանութիւններ:
Յանցա՞նք:
Անոնք ո՛չ աւազակներ են, ո՛չ ալ ոճրագործներ: Ընդհակառակը, այդ ժխտական բնագաւառէն բոլորովին հեռու` արուեստագէտներ, լրագրողներ, գրագէտներ ու աշխարհ մոլորակի բնակիչներ են, որոնք բախտը ունեցած են այցելելու Արցախ:
Հաւանաբար շատ աւելի լայնածաւալ ու հաստափոր գիրքի մը վերածուէր այս գրքոյկը… եթէ Պաքու Արցախի պետութենէն ստանար տասնեակ հազարաւոր այցելող զբօսաշրջիկներու ցանկը: Այս պարագային բնականաբար այդ տասնեակ մը էջերը պիտի վերածուէին քանի մը հատորի եւ միայն իրենց ծանրութեամբ յիշեցնէին Վիքթոր Հիւկոյի «Թշուառներ»-ը: Իսկ բովանդակութեամբ` իսկապէս թշուառ: Պարզապէս անուններու երկար շարք մը պիտի մրոտէին էջերը, քանի մը հռետորական քննադատութիւններով եւ անտեղի եպերանքներով:
Այսպէս, Ազրպէյճան մուտքը արգիլուած է աշխարհի չորս ծագերէն ժամանած անձնաւորութիւններու, Աւստրալիայէն մինչեւ Ուրուկուէյ: Անշուշտ այս ցուցակին պարագլուխի դիրքին վրայ կը գտնուի դասական երաժշտութեան աշխարհի «գագաթ»-ներէն` քաթալոնիացի (Սպանիա) Մոնսերա Քապայէն:
Հոս յիշատակելի է մատնանշելը, թէ ուշագրաւ է այն փաստը, որ լոյս ընծայուած ցուցակին վրայ ներառուած ոեւէ անձ ցայսօր ափսոսանք չէ յայտնած Արցախ այցելած ըլլալուն համար: Անոնք պարզապէս հեգնանք ու քմծիծաղ արտայայտած են Ալիեւի ղեկավարութեան այդ որոշումին նկատմամբ:
Նկատի ունենալով Պաքուի ղեկավարութեան ծայրայեղութիւններն ու «ծաւալողապաշտութիւններ»-ը` դեռ կարելի է բախտաւոր նկատել այս սեւ ցուցակի վրայ գտնուող անբաղձալիները… մանաւանդ երբ նկատի ունենանք քանի մը ամիս առաջ, ազերի ծայրայեղներ, որոնք մօտիկ են Ալիեւի ղեկավարութեան, որոշած էին Ազրպէյճանի որդեգրած քաղաքականութիւնը քննադատող եւ ի նպաստ հայութեան արտայայտուող տեղացի գրագէտ Աքրամ Այլիսլիին ականջը կտրողը պարգեւատրել աւելի քան տաս հազար տոլարով…
Դեռ աւելի՛ն, յիշենք Պուտափեշտի մէջ հայ սպայ Գուրգէն Մարգարեանը կացնահարած ոճրագործ Ռամիլ Սաֆարովը, որ իբրեւ հերոս վերադարձաւ Պաքու:
Նմանօրինակ տիպարներ են, որոնք միայն կրնան «սեւ ցուցակ»-ի մաս կազմել, եւ որոնց համար քաղաքակիրթ աշխարհէն ներս… «Մուտքը արգիլուած» է:
Պոսթըն

