ՄԱՐՈՆԻ ՊԱՏՐԻԱՐՔԸ ԿՈՉ Կ՛ՈՒՂՂԷ ԵՐԿԻՐԸ ԴՈՒՐՍ ԲԵՐԵԼՈՒ ԻՐ ԱՆԴԱՄԱԼՈՅԾ ՎԻՃԱԿԷՆ

Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ նախագահեց Պքերքէի մէջ մատուցուած կիրակի օրուան պատարագին, որուն ընթացքին իր արտասանած քարոզին մէջ կոչ ուղղեց լիբանանեան քաղաքական իշխանութիւններուն արագացնելու Լիբանանի կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը եւ երկիրը փրկելու իր անդամալոյծ վիճակէն:

«Անհրաժեշտ է կազմել կառավարութիւն մը, որ կը գործէ սիրով եւ նպատակ կ՛ունենայ ամրապնդել լիբանանցի քաղաքացիներուն արժանապատուութիւնը», ըսաւ ան:

Նշենք, որ երէկ մատուցուած պատարագը նուիրուած էր մամլոյ, բոլոր տեսակի լրատուամիջոցներուն եւ լրագրողներուն:

Պատարագին ներկայ գտնուեցան նաեւ Մամլոյ սենտիքայի նախագահ Մոհամետ Պաալպեքի, Խմբագիրներու սենտիքայի փոխնախագահ Սայիտ Նասրէտտին, տեղեկատուութեան գործավար  նախարար Թարեք Մըթրիի ներկայացուցիչ Անտրէ Քասսաս, Ազգային լրատու գործակալութեան ընդհանուր տնօրէն Լոր Սլէյման եւ այլ պատասխանատու անձնաւորութիւններ, ինչպէս նաեւ մեծ թիւով հաւատացեալներ:

Միւս կողմէ, նշենք, որ մարոնի եպիսկոպոսներու տարեկան դռնփակ նիստին առիթով երէկ երեկոյեան Պքերքէ փակեց իր դռները: Նիստը, որ պիտի տեւէ մինչեւ յառաջիկայ շաբաթ, 11 յունիս 2011, պիտի գումարուի գլխաւորութեամբ մարոնի համայնքի Ռայի պատրիարքին:

Share this Article
CATEGORIES