ՊԱՂԵՍՏԻՆԵԱՆ ԳԱՂԹԱԿԱՅԱՆՆԵՐՈՒՆ ՄԷՋ ՆՍՏԱՑՈՅՑԵՐ ԵՒ ՏՈՒՆԴԱՐՁԻ ԻՐԱՒՈՒՆՔԻՆ ԿԱՌՉԱԾ ՄՆԱԼՈՒ ՀԱՍՏԱՏՈՒՄՆԵՐ
Լիբանանի մէջ պաղեստինցի գաղթականներու տունդարձի իրաւունքներու պաշտպան մարմինին որոշումով ջնջուած ցոյցը պատճառ դարձաւ, որ լիբանանեան-իսրայէլեան սահմանամերձ շրջանը մնայ հանդարտ, խաղաղ եւ կայուն:
Անոր փոխարէն սակայն, արաբեւիսրայէլեան պատերազմին ընթացքին արաբական երկիրներուն կրած պարտութեան յիշատակին առիթով Լիբանանի տարածքին գտնուող պաղեստինեան բոլոր գաղթակայաններուն մէջ կատարուեցան նստացոյցեր եւ քայլարշաւներ, որոնց ընթացքին ընդգծուեցաւ, որ աղէտի ու պարտութեան ժամանակաշրջանը անվերադարձ անցած է` աւելցնելով, որ պաղեստինի ժողովուրդը պատրաստ է իրականացնելու տունդարձի իր երազը:
Նստացոյցեր կատարուեցան Պըրժ Պարաժնէի, Մար Էլիասի, Շաթիլայի, Պարետի, Միէումիէի եւ Այն Հելուէի գաղթակայաններուն մէջ:
Այն Հելուէի մէջ տեղի ունեցած նստացոյցին ընթացքին Լիբանանի մէջ Ֆաթհի ընդհանուր պատասխանատու Մունիր Մաքտահ յայտնեց, որ պաղեստինցի գաղթականները պիտի շարունակեն իրենց պայքարը եւ բոլոր միջոցներուն, յատկապէս դիմադրութեան պիտի դիմեն, որովհետեւ դիմադրութիւնն է, որ պիտի ազատագրէ Պաղեստինը եւ իրաւունքը վերադարձնէ իսկական իրաւատէրերուն:
Նշենք, որ իսրայէլեան բանակի բանբեր Եուաֆ Մորտախայ յայտնեց, որ Լիբանան-Իսրայէլ սահմանային շրջանին վրայ կացութիւնը հանդարտ է: