ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ ԿԱԶՄՈՒԹԵԱՆ ՃԻԳԵՐԸ ՆՈՐ ԹԱՓ ԿԸ ՍՏԱՆԱՆ
Անցեալ շաբաթավերջին կառավարութեան կազմութեան առումով տիրած դրական մթնոլորտին առընթեր, վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի մամլոյ գրասենեակը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ վարչապետը տակաւին քաղաքական ոչ մէկ կողմէ ստացած է թեկնածու նախարարներուն անունները:
Այս ծիրին մէջ հաղորդագրութիւնը հերքեց այն տեղեկութիւնները, թէ յաջորդ կառավարութեան մէջ պատասխանատուութիւն ստանձնելիք նախարարներուն անունները փոխանցուած են վարչապետին:
Նոյն հաղորդագրութիւնը նշեց նաեւ, որ վարչապետը այս կամ այն քաղաքական կողմին հետ բանավէճ չի փափաքիր ունենալ, որովհետեւ անոր համար առաջնահերթութիւնը կառավարութեան կազմութիւնն է` մաղթելով, որ կառավարութեան մաս կազմելիք քաղաքական ուժերը իսկապէս դրական վերաբերմունք ունենան այդ առումով:
Նշենք, որ «Սաֆիր» օրաթերթը անցեալ շաբաթ օրուան իր թիւով հրապարակած էր լուր մը, թէ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն համախմբումի թեկնածու նախարարները առաջադրած է վարչապետ Միքաթիին:
Միւս կողմէ, «Հայաթ» օրաթերթը շաբաթավերջին նշած էր, որ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումը յաջորդ կառավարութեան մէջ պիտի ունենայ 10 նախարարներ, որոնցմէ 2-ը պիտի ըլլան պետական նախարարներ, իսկ 8-ն պիտի ստանձնեն ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու, հաղորդակցութեան միջոցներու, արդարութեան, աշխատանքի, պաշտպանութեան, ճարտարարուեստի, զբօսաշրջութեան եւ մշակոյթի նախարարութիւնները:
Իր կարգին, պետական գործավար նախարար Մոհամետ Ֆընէյշ ակնարկելով կառավարութեան կազմութեան հարցին հաստատեց, որ ամէն անգամ, երբ յառաջդիմութիւն կամ զարգացում կ՛արձանագրուի կառավարութիւնը կազմելու հոլովոյթին իմաստով, Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Մորա Քոնելլի սպառնալիքներու տարափ մը կը տեղացնէ` ուշացնելու համար այդ աշխատանքը:
Այս ծիրին մէջ, Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Հասան Ֆատլալլա ընդգծեց, որ կարելի է յայտարարել, որ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը խոչընդոտող հիմնական բոլոր արգելքները վերացած են` աւելցնելով, որ կան որոշ մանրամասնութիւններ, զորս կարելի է դիւրաւ շրջանցել:
Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի ընդհանուր քարտուղար, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան նշեց, որ համախմբումէն պահանջուածը կատարուած է իր մանրամասնութիւններով եւ այժմ վարչապետն է, որ պէտք է իր ճիգերուն յաւելեալ թափ տայ:
Հաւատարմութիւն դիմադրութեան պլոքի անդամ երեսփոխան Նաուաֆ Մուսաուի կոչ ուղղեց կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը արգելակող բոլոր խոչընդոտներուն լուծումներ գտնելու, որպէսզի կարելի ըլլայ երկիրը փրկել:
Իր կարգին, Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Ալեն Աուն հաստատեց, որ կառավարութիւնը կազմելու իմաստով բոլոր տարակարծութիւնները լուծուած են` յուսալով, որ այս շաբթուան ընթացքին կարելի ըլլայ յայտարարել կառավարութեան կազմութիւնը: «Իսկ եթէ կառավարութիւնը այս շաբթուան ընթացքին չկազմուի, ապա յստակ պիտի դառնայ, որ կառավարութիւնը կազմելու իսկական կամք գոյութիւն չունի», նշեց Աուն:
ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ ելեկտրոնային տեղեկատուութեան բաժանմունքի պատասխանատու Հիւսէյն Ռահհալ յայտնեց, որ կառավարութեան կազմութեան արգելքները չէզոքացնելու ջանքերը ընթացքի մէջ են, իսկ խորհրդակցութիւնները` բաւական աշխուժ:
«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթին համաձայն, Մարտ 8-ի քաղաքական ուժերը երաշխաւորած են, որ կառավարութեան կազմութիւնը մինչեւ յառաջիկայ շաբաթ յայտարարուի:
ՔՈՒԷՅԹԵԱՆ «ԱՆՊԱ» օրաթերթ. «Եթէ մինչեւ յառաջիկայ 8 յունիս կարելի չըլլայ Լիբանանի կառավարութեան կազմութիւնը, ապա այս ամրան ընթացքին Լիբանան պիտի շարունակէ մնալ առանց կառավարութեան»: