ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԼԷՅՄԱՆ ՇՆՈՐՀԱՒՈՐԵՑ ԼՐԱԳՐՈՂՆԵՐԸ ԵՒ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՌԱՅԻ ՊԱՏՐԻԱՐՔԸ

Ռայի պատրիարքը եւ նախագահ Սլէյման

Մամլոյ, լսատեսողական եւ ելեկտրոնային լրատուամիջոցներու, ինչպէս նաեւ լրագրողներու միջազգային օրուան առիթով` հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման դրուատեց բոլոր լրագրողներուն եւ լրատուամիջոցներուն աշխատանքն ու ջանքերը` տարբեր իրադարձութիւններուն եւ ճշմարտութիւններուն մասին ժողովուրդը տեղեակ պահելու առումով:

Նախագահ Սլէյման յայտնեց, որ տեղեկատուութեան մարզը կը մնայ իրականութեան պատգամը փոխանցելու առաքելութիւնը կրող մարզ մը, որ այնքան զարգացաւ ու տարածուեցաւ, որ դարձաւ իւրաքանչիւր քաղաքացիի տրամադրութեան տակ:

Նախագահ Սլէյման շեշտեց, որ Լիբանան կը յարգէ տեղեկատուութեան մարզին տրուած ազատութիւնները:

Միւս կողմէ, նախագահ Սլէյման Ամշիթի իր բնակարանին մէջ ընդունեց մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը, որուն հետ քննարկեց տեղական իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ անցեալ հինգշաբթի օր Պքերքէի մէջ տեղի ունեցած միջմարոնիական ընդարձակ հանդիպումին արդիւնքները:

Share this Article
CATEGORIES