Ինչո՞ւ Համար Եկեղեցի Գալը Անհրաժեշտ Է

ՎԱՂԻՆԱԿ Ծ. ՎՐԴ. ՄԵԼՈՅԵԱՆ

Երբեմն կը հանդիպինք մարդոց, որոնք կ՛ըսեն. «Կարեւոր չէ ամէն կիրակի եկեղեցի գալ. մեր տուներուն մէջ ալ կրնանք աղօթել»: Կասկածէ վեր է, որ մեր տուներուն մէջ ալ կրնանք աղօթել, բայց պէտք է ընդունիլ, որ եկեղեցի գալուն նպատակը միայն աղօթելը չէ: Կան բաներ, զորս չենք կրնար կատարել կամ ունենալ մեր տուներուն մէջ. զանոնք կ՛ունենանք միայն եկեղեցւոյ մէջ եւ եկեղեցւոյ ճամբով: Այսպէս, օրինակ, ա) մեր տուներուն մէջ չենք կրնար սուրբ պատարագին մասնակցիլ, բ) չենք կրնար մեր խոստովանած մեղքերուն համար թողութիւն ստանալ` քահանային կողմէ իշխանութեամբ տրուած արձակումին միջոցով, գ) չենք կրնար հաղորդուիլ Տիրոջ մարմինով ու արիւնով, դ) չենք կրնար Քրիստոսի մարմինը կազմել, որովհետեւ տուն մնալով` մենք լոկ անդամ կը մնանք, ե) չենք կրնար դպրաց դասին երգեցողութիւնները լսել ու վայելել, զ) չենք կրնար Աստուծոյ խօսքին քարոզութիւնը լսել եւ է) չենք կրնար առիթը ունենալ սուրբ պատարագի աւարտին հանդիպելու հաւատացեալներու եւ անոնց հետ բաժնելու մեր ցաւն ու ուրախութիւնը:

Հիմա բացատրենք, թէ ինչո՞ւ համար եկեղեցի գալը կարեւոր է.

1) Հին Կտակարանը կը պարզէ, թէ Աստուած ինքն էր, որ Սողոմոնէն պահանջեց տաճար մը կառուցել (Գ. Թագաւորաց 5.2-5: Ա. Մնացորդաց 28.6), եւ մենք գիտենք, որ Սողոմոն զայն կառուցեց Ք.Ա. 966 թուին: Նիւթական տաճար մը կառուցելու աստուածային պահանջը ցոյց չի՞ տար, թէ Աստուծոյ կամքն է, որ հաւատացեալները ունենան պաշտամունքի համար վայր մը, ուր կարենան մէկտեղուիլ եւ միասնաբար զԱստուած պաշտել:

2) Նոր Կտակարանը կը սորվեցնէ, թէ իւրաքանչիւր հաւատացեալ Քրիստոսի մարմինին մէկ անդամն է (Ա. Կորնթացիս 6.15, 12.27), իսկ Քրիստոսի խորհրդական մարմինը եկեղեցին ինքն է (Եփեսացիս 1.23, 5.23,29: Կողոսացիս 1.18): Պօղոս առաքեալ կ՛ուսուցանէ, թէ Քրիստոսի մարմինին, այսինքն եկեղեցիին անդամները քով-քովի գալով, կը կազմեն խորհրդական Քրիստոսի մարմինը` եկեղեցին (Հռոմայեցիս 12.5: Ա. Կորնթացիս 12.18-20): Երբ հաւատացեալ մը կիրակի օրով տուն կը մնայ, չի կրնար Քրիստոսի մարմինը դառնալ: Քրիստոսի մարմինը դառնալու համար անհրաժեշտ է եկեղեցի գալ ու եկեղեցւոյ միւս անդամներուն միանալ ու մասնակից դառնալ եկեղեցւոյ ծիսական արարողութեան:

3) Եկեղեցին կոչուած է «Քրիստոսի հարսը» (Յայտնութիւն 21.9, 22.17): Յովհաննէս Մկրտիչ ինք եւս եկեղեցին կը կոչէ «հարս», իսկ Քրիստոսը` «փեսայ» (Յովհաննէս 3.29): Իսկ Պօղոս առաքեալ խօսելէ ետք այր եւ կնոջ

յարաբերութեան մասին, կը հաստատէ. «Աստուծոյ ծրագրին կապուած ճշմարտութիւն մըն է ասիկա, որ ըստ իս, Քրիստոսի եւ եկեղեցիին կը վերաբերի» (Եփեսացիս 5.32): Եթէ երբեք հաւատացեալներս մենք զմեզ կը հասկնանք ու կ՛ըմբռնենք իբրեւ Քրիստոսի հարսը, որքանո՞վ ճիշդ է, որ տուն մնանք կիրակի օրով, երբ անդին մեր սիրելի Փեսան` Քրիստոսը, մեզի՛ համար, մե՛ր սիրոյն ու մե՛ր փոխարէն, անարիւն կերպով կը պատարագուի եկեղեցւոյ սուրբ սեղանին վրայ:

4) Քրիստոս Երուսաղէմի տաճարը կոչեց «աղօթքի տուն» (Մատթէոս 21.13), ինչպէս նաեւ` մեր Երկնաւոր Հօրը տունը (Ղուկաս 2.46-49): Եթէ երբեք մենք զմեզ կ՛ըմբռնենք ու կ՛ընդունինք մեր Երկնաւոր Հօր զաւակները իբրեւ, եւ եթէ երբեք նիւթական եկեղեցին կը ճանչնանք իբրեւ մեր Երկնաւոր Հօր տունը, ճիշդ կ՛ըլլա՞յ, որ յաճախակի առիթներով չգանք մեր Երկնաւոր Հօր տունը:

5) Նոր Կտակարանը կը խօսի հաց բեկանելու արարողութեան մասին: Հաց բեկանելու արարողութիւնը կը կոչուի նաեւ` «Տէրունի ընթրիք»: Երկու այս բացատրութիւններն ալ կ՛ակնարկեն սուրբ պատարագի խորհուրդին, այլ խօսքով` սուրբ հաղորդութեան: Ամէն անգամ երբ հաց կը բեկանուէր կամ տէրունի ընթրիք կը մատուցուէր, հաւատացեալներ կը մէկտեղուէին (Գործք 2.41-42, 20.7: Ա. Կորնթացիս 11.20-25,33): Այս իրողութիւնը կը պարզէ, թէ Աստուծոյ կամքն է եւ միաժամանակ առաքելական պատուէր ու հրահանգ, որ ամէն անգամ երբ սուրբ պատարագ կը մատուցուի եւ Տիրոջ մարմինը հացի նման կը բեկանուի,  հաւատացեալներ եկեղեցի պէտք է գտնուին եւ հաղորդուին Տիրոջ մարմինով եւ արիւնով:

6) Պօղոս առաքեալ կոչ կ՛ուղղէ հաւատացեալներուն` մնայուն կերպով մասնակցելու պաշտամունքի հաւաքոյթներուն, եւ` ոչ միայն մասնակցելու, այլեւ` յորդորելու զիրար այս ուղղութեամբ (Եբրայեցիս 10.25): Իսկ «պաշտամունք» ըսելով` կ՛ակնարկուի այն պահուան, որ տեղի կ՛ունենար սուրբ հաղորդութեան խորհուրդի մատակարարումէն անմիջապէս ետք եւ կը յատկանշուէր գոհաբանական աղօթքներով, որուն ընթացքին հաւատացեալները շնորհակալութիւն կը յայտնէին Աստուծոյ` Տիրոջ մարմինին ու արեան բաշխումին համար: Այսօր մեր հաւատացեալներէն ոմանք սովորութիւն դարձուցած են սուրբ հաղորդութիւն ստանալէ ետք եկեղեցիէն դուրս ելլել: Պէտք է վերադառնալ առաջին եկեղեցւոյ կեանքին ու աւանդութեան, եւ սուրբ հաղորդութենէն ետք պէտք է եկեղեցի մնալ եւ գոհաբանական ու շնորհակալական աղօթք մատուցանել Տիրոջ` իր մարմինին ու արեան բաշխումին համար:

7) Քրիստոս կը խօսի թէ՛ առանձնաբար աղօթելու մասին (Մատթէոս 6.6) եւ թէ՛ հաւաքաբար աղօթելու մասին (Մատթէոս 18.19-20). իսկ հաւաքաբար աղօթելու լաւագոյն տեղը եկեղեցին է: Ծէսը հաւատացեալներու հաւաքական աղօթքն է` ուղղուած Աստուծոյ: Անհրաժեշտ է մասնակից դառնալ հաւաքական աղօթքին` բնականաբար մեր անձնական աղօթքին կողքին:

8) Պօղոս առաքեալը կ՛ըսէ. «Բոլոր անդամները միասին մէկ մարմին կը կազմեն: Մարմին ըսելով` անդամներէն միայն մէկը չենք հասկնար, այլ անդամներուն ամբողջութիւնը: Եթէ ոտքը ըսէ`  «Ես ձեռք չեմ, ուրեմն մարմինին մաս չեմ կազմեր», ատով չի դադրիր մարմինին մէկ անդամը ըլլալէ: Եթէ ականջը ըսէ` «Որովհետեւ աչք չեմ, մարմինին մաս չեմ կազմեր», դարձեալ չի դադրիր մարմինին մէկ անդամը ըլլալէ: Եթէ ամբողջ մարմինը աչք ըլլար, մարդ ինչո՞վ պիտի լսէր: Եթէ ամբողջ մարմինը ականջ ըլլար, ինչո՞վ պիտի հոտոտար: Աստուած անդամներէն իւրաքանչիւրը դրաւ մարմինին մէջ, այնպէս` ինչպէս ինք կամեցաւ» (Ա. Կորնթացիս 12.12-18): Տուեալ բառերով  առաքեալը ցոյց կու տայ, թէ իւրաքանչիւր հաւատացեալ, իբրեւ մէկ անդամը Քրիստոսի մարմինին, իր տեղն ու դերը ունի եկեղեցւոյ կեանքին մէջ: Եթէ ճշմարիտ է, որ իւրաքանչիւր հաւատացեալ իր տեղն ու դերը ունի եկեղեցւոյ կեանքին մէջ, ուրեմն խիստ կարեւոր է, որ հաւատացեալը ինքզինք անջատ չպահէ եկեղեցիէն, անոր կեանքէն ու առաքելութենէն:

9) Դաւիթ մարգարէն կ՛ըսէ. «Կ՛ուրախանայի, երբ ինծի կ՛ըսէին. «Տիրոջ տունը երթանք» (Սաղմոս 122.1): Եթէ կիրակի օրով եկեղեցի գալը մեզ չ՛ուրախացներ, կը նշանակէ, թէ սխալ բան մը կայ մեր հաւատքի կեանքին մէջ: Եկեղեցին սուգի ու տրտմութեան տեղ չէ, ընդհակառակը, Տիրոջ ուրախութեամբ ու խաղաղութեամբ լեցուելու տեղ է: Եւ այս ուրախութիւնն ու խաղաղութիւնը կը շնորհուի մեզի սուրբ պատարագին` մեր մեղքերուն քաւութեան եւ սուրբ հաղորդութեան միջոցով: Անոնք, որոնք իրենք զիրենք հաւատացեալ կը կոչեն եւ սակայն եկեղեցի գալը կարեւոր չեն համարեր, «երեւութապէս աստուածապաշտ են անոնք, բայց խորքին մէջ չեն հաւատար աստուածպաշտութեան զօրութեան» (Բ. Տիմոթէոս 3.5), ինչպէս կը յիշեցնէ առաքեալը:

10) Եկեղեցի գալը կարեւոր է, որովհետեւ սուրբ պատարագէն ետք, ինչպէս ըսինք, առիթը կ՛ունենանք փոխանակելու մեր հոգեւոր փորձառութիւնները եւ օգտուելու իրարմէ, առիթը կ՛ունենանք խօսելու մեր նեղութեանց մասին եւ քաջալերելու զիրար, առիթը կ՛ունենանք հոգածութիւն ցուցաբերելու իրարու հանդէպ եւ սիրոյ ու բարի գործերու մղելու զիրար: Այս բոլորը, ինչպէս առաքեալը ցոյց կու տայ, կրնանք կատարել պաշտամունքի աւարտին (Եբրայեցիս 10.24-25):

11) Պօղոս առաքեալ կը հաստատէ, թէ Քրիստոս ի՛նքն է «Գլուխը մարմինին, այսինքն` եկեղեցիին» (Կողոսացիս 1.18: Եփեսացիս 1.22): Եկեղեցի չգալը` զՔրիստոս իբրեւ Գլուխ չճանչնալ կը նշանակէ, մինչդեռ եկեղեցի գալը Քրիստոսը իբրեւ Գլուխ, այլ խօսքով` որպէս Տէր ու Առաջնորդ ճանչնալ կը նշանակէ:

12) Պօղոս առաքեալ կ՛ըսէ. «Քրիստոսի միացած ըլլալով` իրարու անդամներ ենք» (Եփեսացիս 4.25): Անոնք, որոնք իրենք զիրենք Քրիստոսի միացած կը սեպեն, անդամ են Քրիստոսի մարմինը կազմող եկեղեցիին, եւ ուստի չեն կրնար ու պէտք չէ իրենք զիրենք հեռու պահեն եկեղեցիէն:

13) 4-րդ դարու հեղինակ սուրբ Ամբրոսիոս կ՛ըսէ. «Այն ծառը, որուն վրայ բարձրացաւ Զակքէոս Յիսուսը տեսնելու համար, կը ներկայացնէ եկեղեցին: Արդ, ինչպէս Զակքէոս Յիսուսը տեսաւ եւ Յիսուսին հրաւէրը լսեց ծառին ընդմէջէն, նոյնպէս ալ հաւատացեալները միայն եկեղեցւոյ ճամբով է որ կրնան տեսնել Յիսուսը ու լսել անոր հրաւէրը»:

14) Մանուկ մը կը ծնի` ընտանիքի մը մէջ ապրելու եւ ոչ թէ առանձինը: Արդ, ինչպէս մանուկը, որ կը ծնի, ընտանիքի մէջ կ՛ապրի, նոյնպէս ալ անոնք, որոնք մկրտութեան աւազանէն կ՛ապրին իրենց հոգեւոր ծնունդը, կամ ապաշխարութեամբ կը նորոգեն իրենց հոգեւոր ծնունդը, ընտանիքի մը մէջ է, որ կը ծնին եւ այդ ընտանիքին մէջ է, որ պէտք է ապրին, եւ յստակ է, որ այդ հոգեւոր ընտանիքը եկեղեցին է:

15) Հեղինակ մը ըսած է. «Եկեղեցի գալը ցոյց չի տար, որ հաւատացեալ ենք, բայց եթէ հաւատացեալ ենք, չենք կրնար եկեղեցի չգալ»:

Եկէք, սիրելի հաւատացեալներ, ա՛յս գիտակցութեամբ եկեղեցի գանք:

 

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )