ՀՄԸՄ-ի Անթիլիասի Մասնաճիւղի Սկաուտական Բանակումի Բացում
Երկուշաբթի, 12 օգոստոս 2013-ին երեկոյեան տեղի ունեցաւ ՀՄԸՄ-ի Անթիլիասի մասնաճիւղի տարեկան բանակումի պաշտօնական բացումը:
Ներկայ էին մասնաճիւղի խմբապետական կազմը, արիները, արենուշները, երէցները, պարմանուհիները, սկաուտական խորհուրդը, վարչութիւնը եւ մատակարար խմբակը:
Խումբերը` հետեւելով մասնաճիւղի շեփորախումբին համաչափ եւ ոգեւորիչ եղանակներուն, տողանցեցին մինչեւ դրօշակի կայմը:
Պաշտօնական բացումը յայտարարուելէ ետք, «Ով հայ արի» քայլերգով դրօշակները բարձրացան, իրենց հետ բարձրացնելով 110-120 մատղաշ հոգիներ, որոնք ՀՄԸՄ-ի «Միշտ պատրաստ»-ին եւ «Բարձրացիր-բարձրացուր»-ին հաւատաւոր, կը սկսին այս բանակումին:
Տարեկան բանակումը կը համախմբէ մասնաճիւղի տարեկան աշխատանքները, ամփոփելով գիտելիքները, գործնականացնելով տեսական նիւթերը եւ կը միաւորէ մասնաճիւղի բոլոր խումբերը մէկ վայրի մէջ, բնութեան ծոցին մէջ:
Այս բանակումը շատ կարեւոր հանգրուան մը պիտի ըլլայ մասնաճիւղին համար: Հոն մեծ թիւով նորեկներ պիտի սորվին աւելի փորձառուներու ցուցմունքներէն:
Արարողութիւնը աւարտեցաւ մասնաճիւղի սկաուտական խորհուրդին եւ վարչութեան կողմէ փոխանցուած պատգամով մը, ուր թելադրուեցաւ միշտ հետեւիլ արիական խոստումին` «Հնազանդէ մեծերուդ միշտ»-ին: Նաեւ խորհուրդ տրուեցաւ յարգել խմբապետները եւ յարգել զիրար, հաւատարիմ մնալ սկաուտական դաւանանքին` «սկաուտները մաքուր հայերէն կը խօսին»-ին եւ այս գաղափարը բանակումին առօրեայ օրէնք դարձնել:
Աւելի ուշ անոնց միացան գայլիկ-արծուիկները եւ մոկլիները` խանդավառութիւնը հասցնելով իր գագաթնակէտին:
Շաբաթ, 17 օգոստոսին տեղի պիտի ունենայ եզրափակիչ խարուկահանդէսը:

