Կիրակի, 18 Օգոստոսին. Հեծելարշաւի Մրցում` Կազմակերպութեամբ «Պայք- Ճենըրէյշըն»-ի

Հսկողութեամբ Լիբանանի հեծելարշաւի ֆետերասիոնին եւ կազմակերպութեամբ «Պայք Ճենըրէյշըն»-ի, կիրակի, 18 օգոստոսին, Քեսրուանի մէջ տեղի պիտի ունենայ հեծելարշաւի մրցում մը` «Մէյրուպա-Պայքաթոն» անուան տակ:

16 քմ երկարութիւն ունեցող այս մրցումը պիտի սկսի Մէյրուպայէն` անցնելով Հարաժել Ֆարայա, Քֆարզըպիան, ապա վերադառնալով սկիզբի վայրը` Մէյրուպա:

Մրցանակաբաշխութիւնը տեղի պիտի ունենայ նոյն վայրին մէջ:

Այս մրցումը յատկացուած է 17 տարեկան եւ վեր տղայ եւ աղջիկ մասնակցողներուն:

Անոր մասնակցիլ փափաքողներուն պիտի տրամադրուին հեծանիւներ, եւ անոնք մասնակցութեան որեւէ գումար պիտի չվճարեն:

Բոլոր անոնք, որոնք կը փափաքին այս մրցումին իրենց մասնակցութիւնը բերել, պարտին հեռաձայնել հետեւեալ թիւերէն մէկուն. 03-301701 եւ 71-642644:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )