Ֆութպոլի Բարեկամական Մրցում. Ալպանիա – Հայաստան` 2-0

Ֆութպոլի միջազգային բարեկամական մրցումի մը ընթացքին, երէկ գիշեր Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը հիւրը եղաւ Ալպանիոյ:

Մրցումը, որ տեղի ունեցաւ Թիրանայի մէջ գտնուող «Քեմալ Սթաֆա» մարզադաշտին վրայ, աւարտեցաւ ի նպաստ Ալպանիոյ` 2-0 արդիւնքով:

Ինչ կը վերաբերի տեղի ունեցած այլ հետաքրքրական մրցումներու, արձանագրուեցան հետեւեալ կարեւորագոյն արդիւնքները.

Շուէտ – Նորվեկիա 4-2
Պոսնիա – Միացեալ Նահանգներ 3-4
Գերմանիա – Փարակուէյ 3-3
Իտալիա – Արժանթին 1-2
Լեհաստան – Դանիա 3-2
Զուիցերիա – Պրազիլ 1-0
Պելճիքա – Ֆրանսա 0-0
Անգլիա – Սկովտիա 3-2

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )