Ըմբշամարտ. Աշխարհի Երիտասարդական Ախոյեանութիւն. Չալեան Եւ Ասլանեան Հանդիսացան Ախոյեան
Պուլկարիոյ մայրաքաղաք Սոֆիայի մէջ տեղի ունեցող աշխարհի ըմբշամարտի երիտասարդական ախոյեանութեան մրցումներուն Հայաստանի երկու ներկայացուցիչները ոսկի մետալներու տիրացան:
60 քկ դասակարգին մէջ, Կարէն Ասլանեան յաջորդաբար յաղթելէ ետք իր ռուս, ռումանացի ամերիկացի եւ ազրպէյճանցի մրցակիցներուն, հասաւ աւարտական հանգրուան:
Ան յաջողեցաւ հանդիսանալ աշխարհի ախոյեան` աւարտականին յաղթելէ ետք իր թուրք մրցակիցին:
Իր կարգին, Կարապետ Չալեան տիրացաւ ոսկի մետալին` յաջորդաբար յաղթելէ ետք իր սերպ, մոլտաւիացի, ռուս եւ ուքրանացի (աւարտական) մրցակիցներուն:
Մելիք Ոսկանեան (50 քկ) չկրցաւ որեւէ մետալի տիրանալ:այաստանեան նոր մրցանիշ մը հաստատած եղաւ:
CATEGORIES Մարզական

