Ալիեւ Սկսած Է Ազրպէյճանի Մէջ Իր Նախընտրական Շրջագայութիւններուն

Իլհամ Ալիեւ

«Արմենփրես» լրատու գործակալութիւնը, վկայակոչելով ազրպէյճանական լրատուամիջոցները, կը հաղորդէ, որ Ազրպէյճանի գործող նախագահ Իլհամ Ալիեւ, որ արդէն երրորդ անգամ առաջադրած է իր թեկնածութիւնը նախագահական ընտրութիւններուն, դէպի շրջաններ իր նախընտրական շրջագայութիւններուն սկսած է:

Ազրպէյճանի մէջ նախագահական ընտրութիւնները նախատեսուած են աշնան:

Ալիեւ 14 օգոստոսին ժամանած է Պաքուէն 175 քիլոմեթր դէպի արեւմուտք գտնուող Իսմայիլի շրջան: Այստեղ ան պիտի մասնակցի շարք մը կեդրոններու բացման արարողութիւններուն եւ հանդիպումներ պիտի ունենայ տեղւոյն բնակչութեան հետ:

Իսմայիլիի աղբիւրներ յայտնած են, որ ոստիկանութիւնն ու անվտանգութեան ուժերը հսկողութեան տակ առած են բոլոր ճամբաները: Այնտեղ, ուր պէտք է յայտնուի Ալիեւ, քաղաքացիներուն չեն արտօներ փողոց դուրս գալ:

Իսմայիլիի մէջ ընթացիկ տարուան յունուարին գործադիր իշխանութիւններու ապօրինութիւններուն դէմ տեղի ունեցած էին բողոքի ցոյցեր, որոնք վերածուած էին հակակառավարական բուռն ցոյցերու:

Ոստիկանութեան եւ ցուցարարներուն միջեւ բախումներուն ընթացքին արձանագրուած էին քանի մը վիրաւորներ եւ տասնեակ մարդիկ ձերբակալուած էին:

Այդ իրադարձութիւններուն մասնակցութեան մէջ շինծու մեղադրանքով ազրպէյճանական իշխանութիւնները ձերբակալած էին եւ մինչեւ հիմա արգելափակուած կը պահեն ՌԻԼ հասարակական շարժումի ղեկավար, Ազրպէյճանի նախագահութեան թեկնածու առաջադրուած Իլկար Մամետովն ու Մուսաւաթ կուսակցութեան փոխնախագահ Փանահ Հիւսէյնը:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )