Ազրպէյճանի Մէջ Թուրքիոյ Զինուորական Կցորդը Էրկենեքոնի Հարցով Ցկեանս Բանտարկուած Զօրավարին Եղբայրն Է
ԱՓԱ լրատու գործակալութիւնը զինուորական աղբիւրներ մէջբերելով կը հաղորդէ, որ Ազրպէյճանի մէջ Թուրքիոյ զինուորական նոր կցորդ Հասան Նեւզաթ Թաշտելեր մօտ օրէն պիտի ստանձնէ իր պաշտօնը:
Կը նախատեսուի, որ զինուորական նոր կցորդը իր պաշտօնը ստանձնէ օգոստոսի վերջաւորութեան: Ան պիտի փոխարինէ զօր. Եուճել Քարաուզը:
Թուրքիոյ Զինուորական բարձրագոյն խորհուրդը օգոստոսի սկիզբը Ազրպէյճանի մէջ թրքական զինեալ ուժերու կցորդ զօր. Եուճել Քարաուզը նշանակեց Քըրըքքալէի մէջ ցամաքային ուժերու թիկունքային հրամանատարութիւնը մատակարարելու գծով վարչութեան հետ` անոր փոխարէն զօր. Հասան Նեւզաթ Թաշտելերը նշանակելով զինուորական կցորդ:
Նախքան զինուորական կցորդ նշանակուիլը, ան Թեքիրտաղի 3-րդ զրահապատ մեքենաներու զօրաբաժինի հրամանատարն էր: Ատկէ առաջ, Թաշտելեր Իգտիրի մէջ սահմանային 5-րդ գունդի հրամանատարն էր:
Ազրպէյճանի մէջ Թուրքիոյ զինուորական նոր կցորդը «Էրկենեքոն»-ի դատական հարցով ցկեանս բանտարկուած թրքական զինեալ ուժերու մարզումի բաժանմունքի հրամանատար Հիւսէյն Նուսրեթ Թաշտելերի եղբայրն է:
«Արմենփրես» կը գրէ, որ ինչպէս կ՛երեւի` Անգարա Հասան Թաշտելերը աքսորած է Պաքու, որովհետեւ անոր եղբայրը 2003-ին Թուրքիոյ մէջ կառավարութեան յեղաշրջման ծրագիրի մասնակիցներէն է եւ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի թշնամին: