Ներգաղթեալներու Օրինականացումը Միացեալ Նահանգներուն Տնտեսական Շահ Պիտի Ապահովէ

Սպիտակ տունը հրապարակեց հետազօտութիւն մը, ըստ որուն, Միացեալ Նահանգներու մէջ շուրջ 11 միլիոն անօրինական ներգաղթեալներու օրինականացումը տասը տարուան ընթացքին պիտի առաջնորդէ երկրին համախառն ներքին արտադրութեան 1.4 եռիլիոն տոլարով աճի:

Օրինագիծը, որ կ՛արտօնէ աստիճանաբար Միացեալ Նահանգներու քաղաքացիութիւն տրամադրել անօրինական ներգաղթեալներուն, որդեգրուած է Ծերակոյտին կողմէ, սակայն կասեցուած է Ներկայացուցիչներու տան մէջ:

Ներկայիս ներգաղթեալները կը ստանան շատ աւելի քիչ աշխատավարձ եւ կը վճարեն շատ աւելի քիչ հարկեր, քան պէտք է, ինչ որ կը նուազեցնէ Միացեալ Նահանգներու տնտեսութեան մէջ անոնց ներդրումը:

«Անուղղակի գնահատումներու համաձայն, եթէ վաստակուած աշխատավարձերը բարձրանան, տասը տարուան ընթացքին Միացեալ Նահանգներու համախառն ներքին արտադրութիւնը կ՛աւելնայ 1.4 եռիլիոն տոլարով, բոլոր ամերիկացիներու ընդհանուր եկամուտը պիտի աճի 791 միլիառ տոլարով, համերկրային հարկերը եւ նահանգներու հարկերը պիտի աճին լրացուցիչ 184 միլիառ տոլարով, իսկ տնտեսութեան մէջ պիտի աւելնայ երկու միլիոն աշխատատեղի», ըսուած է զեկուցումին մէջ:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )