Ըստ Վրաստանի Վերահամարկման Նախարարութեան. «Վրացական Երազանք»-ը Պատրաստ Է Աբխազներու Եւ Օսերու Շահերը Պաշտպանելու

Վրաստանի վերահամարկման հարցերով պետական նախարարութիւնը տարածեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ կ՛ըսուի, որ Վրաստանի իշխանութիւնները, որոնք կը ներկայացնեն «Վրացական երազանք» կուսակցութիւնը, պատրաստ են պաշտպանելու աբխազներու եւ օսերու շահերը, ինչպէս նաեւ հետաքրքրուած են անոնց հետ խաղաղ գոյակցութեան պայմաններու ստեղծումով:

Ինչպէս կը հաղորդէ «Ճորճիա օնլայն»-ը, Վրաստանի մէջ երէկ նշուած է Աբխազիոյ տագնապի սկիզբի 21-ամեակը:

«Վրաստան արդէն այն պետութիւնը չէ, ինչ որ 21 տարի առաջ էր: Այժմ Վրաստան ունի իշխանութիւն, որ պատրաստ է պաշտպանելու աբխազներու եւ օսերու շահերը, ինչպէս նաեւ հետաքրքրուած է անոնց հետ խաղաղ գոյակցութեան պայմաններու ստեղծումով», ըսուած է յայտարարութեան մէջ:

Անցեալ տարի տեղի ունեցած խորհրդարանական ընտրութիւններուն իբրեւ արդիւնք` «Վրացական երազանք» դաշինքը գրաւած է խորհրդարանի աթոռներուն մեծամասնութիւնը եւ կառավարութիւն ձեւաւորած:

Ինչպէս նախարարութեան մէջ նշած են` Վրաստանի նոր իշխանութիւնները հաւատարիմ են տագնապին լուծման կառուցողական ընթացքին:

 

 

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES