Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ նախանցեալ երեկոյեան հանդիպում մը ունեցաւ Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Մորա Քոնելլիի հետ: Քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւնները:
ՎԱՐՉԱԿԱՆ բարեկարգումի պետական նախարարի պաշտօնակատար Մոհամետ Ֆընէյշ ցաւ յայտնեց, որ քաղաքական եւ համայնքային պատճառներով կարելի չէ եղած նշանակումներ կատարել:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Մոհամետ Հաժժար շեշտեց, որ հակառակ սպառնալիքներուն, հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման մօտիկ ապագային կը միտի կազմել կառավարութիւն մը:
«ՀԱՅԱԹ» օրաթերթին համաձայն, հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման անցեալ շաբաթ օր հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցած է նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի հետ: Քննարկուած են կառավարութեան կազմութեան մանրամասնութիւնները, որովհետեւ նախագահ Սլէյման չ՛ուզեր Լիբանանը առանց կառավարութեան ձգել:
«ՏԻԱՐ» օրաթերթին համաձայն, հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման վճռած է կառավարութիւն մը կազմել` Հըզպալլայի մօտիկ անձեր ներառելով կառավարութեան կազմին մէջ:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ասեմ Արաժի յայտնեց, որ Պէյրութի միջազգային օդակայանը առեւանգուած է` աւելցնելով, որ Հըզպալլա կրնայ օժանդակել Լիբանանի մէջ առեւանգուած թուրքերուն ազատ արձակումին:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի անդամ երեսփոխան Ասեմ Արաժի յայտնեց, որ Լիբանան կը գտնուի տնտեսական, ընկերային եւ ապահովական անկումի սեմին:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ահմետ Ֆաթֆաթ յայտնեց, որ վարչապետ Թամմամ Սալամ Մուսթաքպալ պլոքի անդամ չէ, այլ անոր դաշնակիցներէն մէկը:
«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթին համաձայն, կը նախատեսուի, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման եւ վարչապետ Թամմամ Սալամ հանդիպում մը ունենան` կառավարութեան կազմութեան շուրջ համաձայնութիւն մը գոյացնելու համար:
ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի անդամ երեսփոխան Սելիմ Սալհապ յայտնեց, որ ներքին լիբանանեան կեցուածքները ոչ մէկ ազդեցութիւն պիտի ունենան հանրապետութեան նախագահութեան վրայ:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Քասեմ Հաշեմ յայտնեց, որ Քըլէյաաթի օդակայանը բանեցնելու պահանջը սխալ եւ ընդվզեցուցիչ պահու մը ընթացքին կ՛արծարծուի:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ յայտնեց, որ ինք 1975-ի դէպքերուն կրկնութենէն չի վախնար` աւելցնելով, որ ինք մտահոգ է Լիբանանի մէջ քաղաքական սպանութիւններու վերադարձին հաւանականութեամբ:
ԱՄԱԼ շարժումին եւ Մարատա հոսանքին Պեքաայի մասնաճիւղերուն միջեւ տեղի ունեցած է հանդիպում մը, որուն ընթացքին 2 քաղաքական ուժերը համաձայնութիւն գոյացուցած են միասնականացնելու եւ վտանգներուն դիմադրելու:
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Ապտել Մեժիտ Սալեհ յայտնեց, որ Լիբանան կարիքը ունի սահմանադրական բացթողումներուն վերջ տալու եւ կառավարութիւն մը կազմելու:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ժողովրդավարական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Թալալ Արսլան յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ մեր վկայած երկփեղկումը միայն Իսրայէլի եւ անոր ծրագիրներուն կը ծառայէ:

