Ռայի Պատրիարքը Ընդունեց Ֆաթֆաթը

Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Տիմանի մէջ ընդունեց Մուսթաքպալ հոսանքի մէկ պատուիրակութիւնը, զոր գլխաւորեց Մուսթաքպալ հոսանքի երեսփոխան Ահմետ Ֆաթֆաթ:

Հանդիպումէն ետք Ֆաթֆաթ յայտնեց, որ իրենք Մուսթաքպալ հոսանքին պատուէրով կատարած են այս այցելութիւնը, որպէսզի Ռայի պատրիարքին հիւսիսային Լիբանանի մէջ գտնուելու իրականութիւնը ողջունեն:

Ֆաթֆաթ յայտնեց, որ հանդիպումին ընթացքին քննարկած են վերջին հանգրուանին Ռայի պատրիարքին կատարած յայտարարութիւններն ու կեցուածքները, որոնք կը համապատասխանեն լիբանանցիներուն յոյսերուն եւ ձգտումներուն, ինչպէս նաեւ Լիբանանը դուրս կը բերեն իր դիմագրաւած ներկայ տագնապէն եւ կ՛ընդգծեն Թաէֆի համաձայնագիրին գործադրութեան անհրաժեշտութեան:

Ֆաթֆաթ բարձր գնահատեց Ռայի պատրիարքին կեցուածքները զէնքը, սպանութիւնը եւ առեւանգումը մերժելու առումով, ինչպէս նաեւ Լիբանանի մէջ չէզոք կառավարութիւն մը կազմելու իմաստով:

Ան ըսաւ, որ իրենք կը զօրակցին Ռայի պատրիարքին կեցուածքներուն:

Ռայի պատրիարքին այցելեց նաեւ Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէի զաւակը` Թոնի Ֆրենժիէ:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )