Ժեմայէլ Ընդունեց Ազրպէյճանի Դեսպանը
Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար Ամին Ժեմայէլ երէկ Պիքֆայայի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Ազրպէյճանի դեսպան Մահեր Ալիեւը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւններն ու երկկողմանի յարաբերութիւնները եւ զանոնք ամրապնդելու անհրաժեշտութիւնը:
Միւս կողմէ, Ժեմայէլ իր այցելուներուն հետ քննարկեց նաեւ Պիքֆայայի բարգաւաճման շարք մը ծրագիրներ:
CATEGORIES Լիբանանեան

