Մանսուր Իսրայէլի Դէմ Բողոքեց` Սահմանային Կապոյտ Գիծը Խախտելու Անոր Արարքին Համար

Արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Ատնան Մանսուր Նիւ Եորքի մէջ Լիբանանի մնայուն ներկայացուցչութեան ընդմէջէն բողոք մը յղեց Իսրայէլի դէմ` 7 օգոստոս 2013-ին Լիբանանի դէմ անոր գործած ոտնձգութեան եւ սահմանային Կապոյտ գիծը խախտելու անոր արարքին համար:

Մանսուրի յղած բողոքի նամակին մէջ նշուեցաւ, որ իսրայէլեան ուժեր ոտնձգութիւններ գործելով լիբանանեան գերիշխանութեան եւ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին թիւ 1701 բանաձեւին դէմ, մուտք գործած են լիբանանեան ականուած հողեր:

Մանսուր շեշտեց, որ այդ արարքը ոտնձգութիւն կը նկատուի նաեւ միջազգային օրէնքին եւ ՄԱԿ-ի ուխտին դէմ, ինչպէս նաեւ կը սպառնայ միջազգային խաղաղութեան եւ անվտանգութեան:

Մանսուր պահանջեց, որ բողոքի այդ նամակը յանձնուի ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մունի եւ Ապահովութեան խորհուրդի նախագահութեան, որպէսզի վերջինս այդ նամակը ցրուէ Ապահովութեան խորհուրդի անդամ բոլոր երկիրներուն եւ անիկա հրատարակուի իբրեւ պաշտօնական փաստաթուղթ:

Share this Article
CATEGORIES