Սէյիտ Նասրալլա Ստանձնեց Դիմադրութեան Պատասխանատուութիւնը Լապպունէի Մէջ Իսրայէլեան Վաշտը Թիրախ Դարձուցած Ռումբերու Պայթեցման Գծով

Սէյիտ Նասրալլա` պատկերասփռուած հարցազրոյցին ընթացքին2006-ի յուլիսեան պատերազմին ընթացքին Դիմադրութեան արձանագրած յաղթանակին առիթով, Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա երէկ երեկոյեան «Մայատին» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին սէյիտ Նասրալլա անդրադարձաւ յուլիսեան պատերազմին մանրամասնութիւններուն:

Սէյիտ Նասրալլա նշեց, որ Դիմադրութիւնը հանգիստ պիտի չձգուի, այնքան ատեն որ յանձնառու կը մնայ արաբ ազգի կեդրոնական դատին եւ կառչած կը մնայ Լիբանանի ապահովութեան պահպանման եւ անոր գերիշխանութեան պաշտպանութեան: «Մեզի հետ Միացեալ Նահանգներուն, Արեւմուտքին եւ նոյնիսկ արաբական երկիրներուն մեծ մասին հարցը այն է, որ մենք Դիմադրութիւն ենք, եւ հարցը երբեք ներքին լիբանանեան չէ», ընդգծեց Սէյիտ Նասրալլա:

Սէյիտ Նասրալլա ըսաւ, որ մնայուն կերպով Հըզպալլայի կ՛առաջարկուէր, որ զէնքը անոր մօտ մնայ, պայմանով որ Դիմադրութիւնը յանձնառութիւն վերցնէ, նոյնիսկ պայմանական կերպով, այդ զէնքը հեռու պահելու պաղեստինեան դատէն եւ իսրայէլեան նկրտումներուն դիմակայումէն:

Սէյիտ Նասրալլա շարունակեց ըսելով, որ «երբ այս ճամբան ընտրեցինք, միաձայնութեամբ որդեգրեցինք զայն եւ անոր համար մեր լաւագոյն տղաքը զոհեցինք, հետեւաբար այս հարցը քննարկումի առարկայ չէ: Մեզի հետ հիմնական հարցը այն է, որ մենք Դիմադրութիւն ենք եւ կը պնդենք, որ Դիմադրութիւն պիտի մնանք, եւ ասիկա հաւատքի ու սկզբունքի հարց է»:

Սէյիտ Նասրալլա անդրադառնալով վերջերս Լապպունէի մէջ տեղի ունեցած միջադէպին բացայայտեց, որ լիբանանեան սահմանը խախտած իսրայէլեան վաշտը թիրախ դարձուցած ռումբերը նոր են եւ անոնք իսրայէլեան բանակին զետեղած ականներէն չեն: Ան ստանձնեց Դիմադրութեան պատասխանատուութիւնը այդ ռումբերուն պայթեցման գծով:

Սէյիտ Նասրալլա իր հարցազրոյցին ընթացքին բացայայտեց 2006-ի յուլիսեան պատերազմին կապուած զինուորական, քաղաքական, դիւանագիտական եւ ապահովական շարք մը գաղտնիքներ:

Սէյիտ Նասրալլա անդրադարձաւ նաեւ յուլիսեան պատերազմին ընթացքին Դիմադրութեան զինուորական թեւի նախկին պատասխանատու նահատակ Իմատ Մուղնիէի դերակատարութեան:

Սէյիտ Նասրալլա խօսեցաւ 2006-ի պատերազմին ընթացքին իր անձնական ապահովութեան մասին` նկատի ունենալով, որ իսրայէլեան ուժերն ու Մոսատը Իսրայէլի կառավարութենէն յստակ հրահանգներ ստացած էին սպաննելու զինք:

Հարցազրոյցին ընթացքին, Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղարը բացայայտեց նաեւ, որ յուլիսեան պատերազմին ընթացքին Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ իրեն յղած է նամակ մը, որուն մէջ ան Իսրայէլի դէմ պատերազմ շղթայազերծելու պատրաստակամութիւն յայտնած է` Դիմադրութեան եւ Լիբանանի թիկունք կանգնելու նպատակով:

Սէյիտ Նասրալլա ակնարկեց նաեւ 2006-ի պատերազմին ընթացքին Դիմադրութեան օգտագործած զինուորական մարտավարութեան, Դիմադրութեան մարտիկներուն զէնք մատակարարելու աշխատանքին, տեղական ուժերուն կողմէ Դիմադրութեան զէնքը հետապնդելու արարքներուն, ինչպէս նաեւ օրին հանրապետութեան նախագահ զօր. Էմիլ Լահուտի եւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի կեցուածքներուն եւ դերակատարութեան:

Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղարը անդրադարձաւ նաեւ Ապահովութեան խորհուրդին կողմէ թիւ 1701 բանաձեւին մշակումին եւ այն իրականութեան, որ Իսրայէլ շնչասպառ պահանջեց զինադուլի հաստատումը:

Սէյիտ Նասրալլա ակնարկեց նաեւ Պիր Ապըտը թիրախ դարձուցած ականահարումին, յառաջիկայ հանգրուանին Հըզպալլայի դէմ ցցուած մարտահրաւէրներուն, Դիմադրութեան մասին հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի վերջին կեցուածքներուն, Լիբանանի մէջ կառավարութեան կազմութեան ջանքերուն, ինչպէս նաեւ Սուրիոյ իրադարձութիւններուն:

Միւս կողմէ, սէյիտ Նասրալլա «Սաֆիր» օրաթերթին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ ներքին լիբանանեան հարցերէն է, որ իրենց մազերը ճերմկած են: «Իսրայէլի հետ պատերազմը շատ աւելի դիւրին է, քան ներքին լիբանանեան լարուածութիւնն ու հարցերը: Իսրայէլացիներուն պարագային թիրախները եւ պատերազմի ընտրանքները յստակ են: Նոյնպէս յստակ են զէնքերը, մարտավարութիւնն ու օգտագործուելիք բառամթերքը, սակայն ներքին լիբանանեան առումով ամէն բան անյստակ է», ըսաւ ան:

 

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )