Պէյթէտտինի Նախագահական Ամարանոցէն. «Պիտի Կազմուի Երկրի Ներկայ Կացութեան Համապատասխան Գործունէութիւն Տանող Կառավարութիւն Մը» Յայտարարեց Վարչապետ Սալամ

Նախագահ Սլէյման եւ վարչապետ Սալամ

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ յետմիջօրէին Պէյթէտտինի նախագահական ամարանոցին մէջ ընդունեց վարչապետ Թամմամ Սալամը, որուն հետ քննարկեց կառավարութեան կազմութեան հարցը:

Հանդիպումէն ետք Սալամ յայտնեց, որ երկրին մէջ կայ այն տպաւորութիւնը, թէ այսօր կամ վաղը կառավարութիւն պիտի կազմուի, սակայն իրականութիւնը այդպէս չէ, որովհետեւ կայ կառավարութիւն կազմելու խիստ փափաքը` քաղաքական բոլոր ուժերուն մօտ:

Վարչապետ Սալամ ըսաւ, որ կատարուած իրողութեան կառավարութիւն պիտի չկազմուի, այլ կառավարութիւն մը, որ ներկայ կացութեան համապատասխան գործունէութիւն տանի` ապահովելով Լիբանանի շահերը եւ ամրապնդելով երկրին անձեռնմխելիութիւնը:

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ ընդունեց նաեւ Լիբանանի մէջ Թուրքիոյ դեսպան Ինան Էօզեըլտըզը, որուն հետ քննարկեց առեւանգուած թուրք քաղաքացիները ազատ արձակելու նպատակով ի գործ դրուած ջանքերը:

Հանդիպումին ընթացքին նախագահ Սլէյման շեշտեց նաեւ Ազեզի մէջ գտնուող առեւանգուած լիբանանցիները ազատ արձակելու ջանքերը արագացնելու անհրաժեշտութիւնը:

Նախագահ Սլէյմանի այցելեց նաեւ Մուսթաքպալ հոսանքի երեսփոխան Մոհամետ Հաժժար, որ զօրակցութիւն յայտնեց նախագահ Սլէյմանի եւ երկրին ապահովական կայունութիւնն ու լիբանանեան ազգային միասնականութիւնը պահպանելու նպատակով անոր յայտարարած կեցուածքներուն:

Նախագահ Սլէյման ընդունեց նաեւ նախկին փոխվարչապետ Իսամ Ապու Ժամրան, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:

Նախագահ Սլէյմանի այցելեցին երեսփոխան Ֆատի Հապըր եւ նախկին երեսփոխան Էմիլ Նաուֆալ:

Պէյթէտտինի պալատին այցելուներէն եղան նաեւ Լիբանանի մէջ Ռումանիոյ դեսպան Տանիել Թենըսի եւ նախկին նախարար Նաժի Պուսթանի:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )