Առեւանգուած Թուրք Քաղաքացիներուն Հարցով Շարպել Ընդունեց Թրքական Զինուորական Պատուիրակութիւն Մը

Լիբանանի մէջ թուրք օդաչուին եւ անոր օգնականին առեւանգումին թղթածրարը քննարկելու նպատակով նախանցեալ երեկոյեան Թուրքիոյ բանակի գաղտնի սպասարկութեան փոխտնօրէն Ապտիւլ Ռահման Պալըճք ժամանեց Պէյրութ` գլխաւորելով թրքական զինուորական պատուիրակութիւն մը:

Ներքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Մարուան Շարպել երէկ ընդունեց թրքական զինուորական պատուիրակութիւնը, որուն հետ քննարկեց առեւանգուած թուրք քաղաքացիներուն ազատ արձակման նպատակով լիբանանեան իշխանութիւններուն կողմէ ի գործ դրուած ջանքերը, ինչպէս նաեւ Ազեզի մէջ գտնուող առեւանգուած լիբանանցիները ազատ արձակելու բանակցութիւնները:

Հանդիպումէն ետք Պալըճք մեկնեցաւ առանց յայտարարութիւն կատարելու:

Հանդիպումին ընթացքին Շարպել շեշտեց, որ լիբանանեան պետութիւնը խստիւ կը դատապարտէ թուրք քաղաքացիներուն առեւանգումը եւ կը մերժէ զայն, որովհետեւ անիկա Լիբանանին եւ լիբանանցիներուն մասին ժխտական պատկեր մը կը ներկայացնէ, յատկապէս Թուրքիոյ նման բարեկամ երկրի մը մօտ:

Շարպել ընդգծեց, որ ապահովական, դատական եւ քաղաքական առումով թուրք օդաչուին եւ անոր օգնականին ազատ արձակման թղթածրարը լուրջ քննարկումի ենթակայ է: «Լիբանանեան պետութեան բարձրաստիճան պատասխանատուները ճիգ չեն խնայեր եւ այդ իմաստով դրական լուծումի մը պիտի յանգին», ըսաւ ան:

Շարպել աւելցուց, որ Ազեզի մէջ առեւանգուած լիբանանցիները ազատ արձակելու բանակցութիւնները վարող նախարարական յանձնախումբը թրքական պետութեան ջանքերուն եւ ճիգերուն կը վստահի, յատկապէս նկատի ունենալով, որ աւելի քան տարիէ մը ի վեր այդ լիբանանցիները կը մնան առեւանգուած:

Ան շեշտեց, որ առեւանգուած լիբանանցիներուն թղթածրարը մարդկային ու ազգային է եւ անիկա ամբողջ Լիբանանին դատն է:

Շարպել ըսաւ, որ թուրք օդաչուներուն առեւանգումը առեւանգուած լիբանանցիները ազատ արձակելու հարցին պէտք չէ կապել:

Հանդիպումին ընթացքին թրքական զինուորական պատուիրակութիւնը յոյս յայտնեց, որ առեւանգուած լիբանանցիներուն թղթածրարը բարի աւարտ մը ունենայ` աւելցնելով, որ անհրաժեշտ է լուծել նաեւ առեւանգուած թուրք քաղաքացիներուն հարցը` կանխարգիլելու համար լիբանանեան-թրքական յարաբերութիւններուն վրայ անոնց ունենալիք ծանր հետեւանքները:

Հանդիպումին ընթացքին համաձայնութիւն գոյացաւ Թուրքիոյ մէջ կայացնելու երկրորդ հանդիպում մը:

Կը նախատեսուէր, որ երէկ երեկոյեան թրքական պատուիրակութիւնը նաեւ հանդիպում ունենար ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմի հետ: Քուէյթեան «Անպա» օրաթերթը նշեց, որ թրքական պատուիրակութիւնը դրական առաջարկներ պիտի ներկայացնէ Շարպելին եւ Իպրահիմին:

Միւս կողմէ, քուէյթեան «Սիասա» օրաթերթին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին Մարուան Շարպել յայտնեց, որ Պէյրութի միջազգային օդակայանին ճամբան ապահով է եւ այդ ճամբան փակելը բացարձակապէս արգիլուած է:

«Պէյրութի միջազգային օդակայանի ճամբան կարմիր գիծ է, եւ պիտի արգիլենք այդ գիծին շրջանցումը», ըսաւ Շարպել:

Շարպել հաստատեց նաեւ, որ Լիբանան ոչ մէկ սակարկութիւն պիտի կատարէ թուրք օդաչուները ազատ արձակելու հարցով եւ ոչ մէկ պարագայի պիտի փորձէ թրքական իշխանութիւնները շանթաժի ենթարկել:

Իր կարգին, արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Ատնան Մանսուր յայտնեց, որ իր թուրք պաշտօնակիցը` Ահմեթ Տաւութօղլու, իրեն հետ ունեցած հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին Լիբանանի օժանդակութիւնը պահանջած է թուրք քաղաքացիները ազատ արձակելու նպատակով եւ մտահոգութիւն յայտնած է, որ այդ դէպքը կրնայ լիբանանեան-թրքական երկկողմանի յարաբերութիւններուն վրայ հետեւանքներ ունենալ:

Մանսուր նշեց, որ Տաւութօղլուի խօսքերուն մէջ Լիբանանի դէմ ուղղուած սպառնալիք չկար:

Պէտք է աւելցնել, որ Լիբանանի մէջ Թուրքիոյ դեսպան Ինան Էօզեըլտըզ շեշտեց, որ թրքական իշխանութիւնները մնայուն կերպով կը գործակցին լիբանանցի պատասխանատուներուն հետ:

«ՆԱՀԱՐ» օրաթերթին համաձայն, թուրք օդաչուն եւ անոր օգնականը առեւանգելու գործողութիւնը շատ աւելի բարդ է, քան անոնց փոխանակումը` լիբանանցի առեւանգեալներուն հետ: Ըստ նոյն օրաթերթին, թուրք քաղաքացիները ազատ արձակելու բանակցութիւնները իրենց կարգին կրնան բարդ ըլլալ, բացի եթէ Իրանի պահանջով Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա ուզէ անձամբ միջամտել թուրքերուն ազատ արձակումին:

ՆՇԵՆՔ, որ «Տիար» օրաթերթը յայտնեց, որ թրքական մարտանաւեր պիտի հասնին լիբանանեան ջուրեր` Լիբանանի մէջ առեւանգուած երկու թուրք քաղաքացիներուն թղթածրարին լուծման համար ճնշում բանեցնելու նպատակով:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )