Ազրպէյճանի Եւ Ռուսիոյ Միջեւ Հինգ Փաստաթուղթ Ստորագրուած Է
Ազրպէյճանի եւ Ռուսիոյ նախագահներ Իլհամ Ալիեւի եւ Վլատիմիր Փութինի ներկայացուցչական պատուիրակութիւններուն մասնակցութեամբ 13 օգոստոսին Պաքուի մէջ տեղի ունեցած հանդիպումէն ետք երկու երկիրներուն միջեւ հինգ փաստաթուղթեր ստորագրուած են:
«Արմենփրես»` վկայակոչելով ազրպէյճանական լրատուամիջոցները, կը նշէ, որ ստորագրուած փաստաթուղթերուն շարքին են Ռուսիոյ եւ Ազրպէյճանի արտակարգ իրավիճակներու նախարարութիւններուն միջեւ 2013-2015 թուականներուն միջեւ համագործակցութեան ծրագիրը, թռիչքներով փնտռտուքներու եւ փրկարարութեան մարզին մէջ համագործակցութեան մասին միջկառավարական համաձայնագիրը, Ազրպէյճանի եւ Ռուսիոյ միջեւ մարդասիրական մարզին մէջ մինչեւ 2015 համագործակցութեան ծրագիրը, Ազրպէյճանի եւ Ռուսիոյ (Տաղստան) միջեւ սահմանային Սամուր գետին վրայ ինքնաշարժներու կամուրջի շինարարութեան մասին համաձայնագիրը, Ազրպէյճանի պետական քարիւղի ՍՈՔԱՐ ընկերութեան եւ Ռուսիոյ «Ռոսնեֆթ» ընկերութեան միջեւ համագործակցութեան եւ քարիւղի փոխադրման հիմնական պայմաններու մասին համաձայնագիրը:
Ազրպէյճանի «Մուսաւաթ» կուսակցութեան ղեկավար Իսա Ղամպար յայտարարած է, որ թէեւ Ազրպէյճանի եւ Ռուսիոյ նախագահներուն միջեւ հանդիպման անհրաժեշտութիւն շատոնց կար, սակայն այդ հանդիպումին իբրեւ արդիւնք կողմերէն ոչ մէկը կրցաւ ցանկալի արդիւնքներու հասնիլ, եւ Իլհամ Ալիեւ բաւարարուած չէ Փութինի հետ հանդիպումէն:
«Որոշակի քայլեր նախաձեռնուեցան, եւ կողմերը մասնակի կերպով կրցան հասնիլ հետաքրքրութիւններու բաւարարման: Ես չեմ գտներ, որ Իլհամ Ալիեւ ամբողջութեամբ բաւարարուած է այդ հանդիպումէն», ըսած է ընդդիմադիր ղեկավարը:
Յիշեցնենք, որ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին 13 օգոստոսին աշխատանքային այցելութեամբ Ազրպէյճան մեկնած էր:
Ալիեւ Կը Խօսի «Պատմական
Արդարութեան» Մասին
Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ նախանցեալ օր Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ հանդիպման արդիւնքներու յայտարարման նուիրուած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին յայտարարեց, որ ղարաբաղեան տագնապը անյապաղ պէտք է լուծուի «պատմական արդարութեան» հիման վրայ:
Ալիեւ ափսոսանք յայտնեց, որ մինչեւ հիմա այդ խնդիրը չի լուծուիր եւ միջազգային կազմակերպութիւններու հռչակագիրները եւ համաձայնագիրները այս հարցին շուրջ կեանքի չեն կոչուած:
Ըստ Ազրպէյճանի նախագահին, տագնապի լուծումը կայունութիւն, կանխատեսելիութիւն եւ համագործակցութեան կարելիութիւններ պիտի բերէ Հարաւային Կովկասի մէջ:
«Այս հարցին անյապաղ լուծումը շրջանի երկիրներու շահերէն կը բխի: Ղարաբաղեան տագնապը պէտք է լուծուի պատմական արդարութեան, միջազգային իրաւունքի, միջազգային կազմակերպութիւններու որոշումներուն եւ բանաձեւերուն հիման վրայ», յայտարարեց Ալիեւ: