Իրան Աւարտած Է Իր Սեփական Արտադրութեամբ Սուզանաւի Կառուցումը
ԻԹԱՐ-ԹԱՍՍ կը հաղորդէ, որ Իրան յայտնած է, որ աւարտած է կառուցումը նոր սուզանաւի մը, որ ամբողջութեամբ նախագծուած է սեփական մասնագէտներուն կողմէ:
«Մեհր» լրատու գործակալութիւնը 14 օգոստոսին հաղորդած էր, որ Իրանի ծովուժի հրամանատարի տեղակալ փոխծովակալ Ղոլամ Ռըզա Քատեմ-Պիկամ նշած է, որ «Ֆաթըհ» սուզանաւը մօտիկ ապագային պիտի ընդգրկուի բանակի սպառազինութեան մէջ:
600 թոն կշռող սուզանաւը կրնայ մինչեւ 200 մեթր սուզուիլ եւ այդ խորութեան վրայ մնալ գրեթէ հինգ շաբաթ:
CATEGORIES Միջազգային