Թիւ 38 Ընտրատարածքին Մէջ ՀՅԴ-ն Թեկնածու Պիտի Չառաջադրէ

Աղուան Վարդանեան

Սիւնիքի թիւ 38 ընտրատարածքին մէջ Ազգային ժողովի մեծամասնական համակարգով տեղի ունենալիք լրացուցիչ ընտրութիւններուն թեկնածուներու առաջադրման վերջին ժամկէտը մինչեւ 15 օգոստոս էր:

Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան քարտուղար, ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի փոխներկայացուցիչ Աղուան Վարդանեան երէկ Tert.am-ին ըսաւ, որ ՀՅԴ-ն այս ընտրատարածքին մէջ թեկնածու պիտի չառաջադրէ:

«Այսօր վերջնական քննարկած ենք հարցը տարածքային կազմակերպութիւններուն հետ, եւ նպատակայարմար չենք գտած առաջադրել», ըսաւ ան եւ աւելցուց, որ նման ընտրական համակարգով անիմաստ է մտնել ընտրական պայքարին մէջ:

«Քանի որ համոզուած ենք, որ այս ընտրութիւնը իր որակով պիտի չտարբերի նախորդներէն` Գերագոյն մարմինը համաձայնեցաւ մեր կառոյցներու թեկնածու չառաջադրելու որոշումին հետ», ըսաւ Վարդանեան:

Share this Article
CATEGORIES