«Ալիեւ Փութինի Աջակցութեան Կարիքը Աւելի Ունէր, Քան Հայաստանի Մէջ Ոեւէ Քաղաքական Գործիչ» Կ՛ըսէ Կիրօ Մանոյեան

Կիրօ Մանոյեան

ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի ղեկավար Կիրօ Մանոյեան, արձագանգելով «Առաւօտ» օրաթերթի այն դիտարկումին, որ Ռուսիոյ նախագահին Ազրպէյճան կատարած այցելութեան ցուցադրական դիտանկիւններէն մեկնելով կարելի է՞ ըսել, որ Ալիեւ Սերժ Սարգսեանէն աւելի յաջողակ էր, քանի որ Փութինի աջակցութիւնը ստացաւ, օրաթերթի լրագրողին յայտնեց, որ կը կարծէ, թէ Ալիեւ Փութինի աջակցութեան կարիքը աւելի ունէր, քան Հայաստանի մէջ ոեւէ քաղաքական գործիչ: Ըստ Մանոյեանի, Փութին հասկցած է ատիկա եւ կը փորձէ սուղի ծախել, Ալիեւի եւ ընդհանրապէս Ազրպէյճանի վրայ:

«Առաւօտ»-ի լրագրողը նկատել տուաւ, որ Հայաստանի նախագահները մշտապէս ստացած են Ռուսիոյ քաղաքական ղեկավարութեան մկրտութիւնը եւ ատիկա չեն ալ թաքցուցած, աւելի՛ն, Հայաստանի մէջ նախագահական ընտրութիւններու շրջանին անընդհատ լուրեր կը տարածուէին Ռուսիոյ նախագահին Հայաստան կատարելիք այցելութեան վերաբերեալ: Մանոյեան հակադարձեց, որ ատիկա ալ անոր վկայութիւնն է, որ Ռուսիոյ նախագահը աւելի պարտաւորուած է Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդին նկատմամբ, քան Ազրպէյճանի եւ ազրպէյճանցի ժողովուրդին: «Ատիկա ուղղակի միջամտութիւն պիտի նկատուէր, եթէ յանկարծ մեր մօտ այսպիսի բան կատարուէր: Կը կարծեմ, որ ատիկա աւելի բացասական հետեւանք կ՛ունենար, քան դրական»:

Պատասխանելով այն հարցումին, որ արդեօք ղարաբաղեան տագնապի լուծման մասով այս այցելութիւնը որեւէ ուղե՞րձ է, Կիրօ Մանոյեան յայտնեց, որ ինք տակաւին չի գիտեր, թէ Ալիեւ եւ Փութին ի՛նչ պիտի խօսին կամ ի՛նչ պիտի հրապարակեն իրենց խօսակցութիւններէն, գոնէ Ղարաբաղի բաժինով կամ ի՛նչ պիտի ստորագրեն: ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի ղեկավարը նշեց նաեւ, որ չի կարծեր, թէ Ղարաբաղի բաժինով անոնք որոշ փաստաթուղթ կը ստորագրեն: «Բայց, կը կարծեմ, որ այս այցելութիւնը իսկական ազդեցութիւն, իսկական արդիւնք չ՛ունենար ղարաբաղեան խնդիրի լուծման վրայ: Չեմ կարծեր, որ Ռուսիա այսօր կը ցանկայ, որ Ղարաբաղի հարցը լուծուի: Ռուսիա կը ցանկայ, որ ինք շրջանին մէջ ազդեցութիւն ունենայ, եւ այս այցելութեան պէտք է նայիլ այդ շրջագիծին մէջ, հակառակ անոր, որ ռազմավարական դաշնակիցէն ակնկալուող պահուածք չէ ասիկա: Թէեւ ռազմավարական դաշինքի իրաւական դրոյթներէն խախտում չկայ, բայց իբրեւ պահուածք, ակնկալուող չէ: Բայց պէտք չէ, որ ատոր համար ողբերգութիւն ստեղծենք»:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )