Նախագահ Սարգսեան Հանդիպում Ունեցաւ Ռուսիոյ Ռազմական-Արհեստագիտական Համագործակցութեան Գործակալութեան Տնօրէնին Հետ

Ֆոմին եւ նախագահ Սարգսեան

Երէկ Երեւանի մէջ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան հանդիպում ունեցաւ Ռուսիոյ ռազմական-արհեստագիտական համագործակցութեան գծով դաշնային գործակալութեան տնօրէն Ալեքսանտր Ֆոմինի հետ: Հանդիպման ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ հայ-ռուսական ռազմական-արհեստագիտական համագործակցութեան ամրապնդման ու խորացման ուղղուած ծրագիրներուն:

Սերժ Սարգսեան եւ Ալեքսանտր Ֆոմին քննարկեցին Հայաստանի եւ Ռուսիոյ միջեւ պաշտպանութեան մարզին մէջ գործակցութեան հետագայ ընդլայնման վերաբերող տարբեր հարցեր:

Նախագահին պաշտօնական կայքէջը հաղորդեց, որ զրուցակիցները գոհունակութեամբ խօսեցան երկու ռազմավարական դաշնակից պետութիւններուն միջեւ բոլոր մարզերուն մէջ համագործակցութեան զարգացման բարձր մակարդակին մասին:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )