Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը Ազրպէյճանի Կոչ Կ՛ուղղէ` Ջրային Հարստութեանց Օգտագործման Շուրջ Համագործակցելու

Սարսանգի ջրամբարը

Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան փոխվարչապետ Արթուր Աղաբեկեան «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին հետ զրոյցի մը ընթացքին յայտարարած է, որ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան իշխանութիւնները պատրաստակամութիւն յայտնած են Ազրպէյճանի հետ ջրային հարստութեանց միացեալ կառավարման շուրջ երկխօսութեան սկսելու:

Ան նշած է, որ խօսքը կը վերաբերի Սարսանգի ջրամբարին եւ Թարթառ գետէն տարբեր ուղղութիւններով հոսող ջուրերուն:

«Սարսանգի ջրամբարի կարելիութիւնները աւելի մեծ են, քան մենք կ՛օգտագործենք, եւ խորհրդային տարիներուն կառուցուած ջրանցքները ճիշդ ձեւով օգտագործելու պարագային ատկէ պիտի օգտուին ե՛ւ հայկական կողմը, ե՛ւ ազրպէյճանական կողմը», ըսած է Արթուր Աղաբեկեան:

Ան նշած է, որ եթէ Ազրպէյճան համագործակցութեան կոչը անտեսէ, Լեռնային Ղարաբաղի կառավարութիւնը ստիպուած պիտի ըլլայ մեծ ներդրումներ կատարելու` ջուրի մղման կայաններու միջոցով Ղարաբաղի սահմանամերձ գօտիներուն մէջ գտնուող ջրային հարստութիւնները միայն սեփական տարածքներ մղելու համար:

«Մենք Սարսանգի ջուրերուն օգտագործումով ելեկտրական հոսանք արտադրելու ժամանակացոյցը կ՛ընտրենք այնպէս, որ անիկա յարմարցուի միայն մեր շահերուն, իսկ երկխօսութեան պարագային մենք զայն կրնանք ծառայեցնել երկկողմանի շահերու: Ջրբաժան ամէնէն կարեւոր կէտը կը գտնուի Թարթառի շրջանին մէջ, եւ երկխօսութեան պարագային մենք այդ ջրբաժան կայանը կրնանք ճիշդ ձեւով օգտագործել, ե՛ւ ազրպէյճանական կողմին մատակարարել ջուր, ե՛ւ մեր գիւղատնտեսութեան համար յատկացուած տարածքները դարձնել ջրովի», ըսած է Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան փոխվարչապետը:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )