Անհաւատալի, Բայց Իրա՛ւ

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ

Թայլանտի մէջ կարգ մը կապիկներ իրենց ձագերուն կը սորվեցնեն ինչպէ՛ս ակռանին մաքրել:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

  • Եթէ դուն մազերդ բնաւ չկտրես, հաւանաբար անոնք դադրին երկարելէ մօտաւորապէս 60 սմ հասնելէ ետք:
  • Կարգ մը թռչուններ կրնան իրենց կտուցը գործածել իրենց բոյնին ջերմաստիճանը չափելու համար:
  • Ծիածանի գոյնով մարախներ կ՛ապրին Փերուի խիտ անտառներուն մէջ:
  • Ժամանակին չղջիկներուն մազերը իբրեւ դրամ կը գործածուէին կարգ մը շրջաններու մէջ:
  • Ռուս մը թրաքթէօրով կտրած է աւելի քան 20,900 քմ, 19 օրէն: Այս ճամբան շատ աւելի երկար է քան Լոնտոնէն մինչեւ Լոս Անճելըս հեռաւորութիւնը:
  • Մեռեալ ծովը ովկիանոսէն եօթը անգամ աւելի աղի է:
  • Մեքսիքօ Սիթի գետնին մէջ 8 մեթր մխրճուած է վերջին 100 տարիներուն ընթացքին:
  • Լուսինին վրայի ջերմաստիճանը կրնայ եռացող ջուրէն աւելի տաք ըլլալ:
  • Միլիոնաւոր տարիներ առաջ Աւստրալիոյ անապատները Ամազոնի վայրի անտառներուն նման խոնաւ եւ բուսականութեամբ ծածկուած էին:

Դլփինները յառաջացած են ընձուղտներու եւ ուղտերու նախահայրերէն

Կոլֆի առաջին գնդակները թռչունի փետուրներով լեցուած էին:

 

 

 

 

 

 

 

Նիւ Եորքի մէջ Ազատութեան արձանին ջահը կրնայ շարժիլ մինչեւ 12.7 սմ, հովի ազդեցութեան տակ:

Մուկ մը կրնայ անցնիլ պզտիկ փոփքորնի չափի ծակի մը մէջէն:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Քալելը կ՛աշխատցնէ 200 մկան:

Յայտնաբերուած ամէնէն հին տուրմը կը գտնուէր 2600 տարուան անօթի մը մէջ, Պելիզ:

 

 

 

 

 

 

 

 

  • Ժամանակին մարդիկ կը կարծէին, թէ լոլիկները թունաւոր էին:
  • Կարմիր ադամանդները աշխարհի ամէնէն հազուագիւտ ադամանդներն են:
  • Ժամանակին աղը գործածուած է իբրեւ դրամ:
  • Արեւը 400 անգամ աւելի մեծ է, քան լուսինը:
  • Հին ժամանակներուն Անգլիոյ մեծութեամբ լիճ մը գոյութիւն ունէր Սահարայի անապատին մէջ:
  • Աշխարհի բնակչութիւնը մօտաւորապէս մէկ միլիառ կ՛աւելնայ ամէն 12 տարին անգամ մը:
  • Ուսումնասիրութիւններ ցոյց կու տան, որ սենեակը կապոյտ ներկելը մեզ աւելի ստեղծագործ կը դարձնէ:
  • Շանաձուկ մը կրնայ վեց շաբաթ ապրիլ առանց ուտելու:
  • Մարդկային մարմնին մէջ ամէնէն փոքր ոսկորը բրինձի հատիկէ մըն ալ աւելի կարճ է:
  • Հաուայի այբուբենը միայն 13 տառ ունի:

 

Բանջարեղէնի Արուեստը

Ժու Տուոքի` չինացի արուեստագիտուհին սկսած է բանջարեղէններով աշխատիլ 2006-ի ամառը: Ան երկու օր անցուցած է քանի մը քիլօ ոլոռն մաքրելով եւ ապա զանոնք թելի մը վրայ անցընելով եւ շինելով փէշ մը, շապիկ մը, գլխարկ մը եւ կախարդական գաւազան մը: Ասիկա եղած է անոր առաջին փորձառութիւնը` բանջարեղէնի արուեստի մարզին մէջ. ան իր գործը անուանած է` «Ոլոռնի գեղեցկութեան թագուհի»:

Յառաջիկայ տարիներուն Ժու Տուոքի երկար ժամանակ անցուց բանջարեղէնի շուկաներուն երթալով, բանջարեղէններ ընտրելով եւ օգտագործելով անոնց ձեւը, գոյնը, զանոնք կտրելով, կտրտելով, չորցնելով, եփելով, տապկելով, խաշելով… եւ` անոնցմով վերակազմելու արուեստի գլուխ գործոցներ, ինչպէս` Մոնա Լիզայի կամ Վան Կոկի կամ Մարիլին Մոնրոյի դիմանկարները, Փիքասոյի կամ ուրիշ նշանաւոր արուեստագէտներու գործերը, եւ ապա` զանոնք նկարելով:

 

 

 

 

 

 

 

 

Քառասուն տարեկան այս արուեստագիտուհին սովորութիւն ունի շատ իր տունէն դուրս չգալու եւ հազուադէպօրէն առաւելագոյնը 15 քմ հեռու երթալու: Այս պատճառով է, որ ան իր այս բանջարեղէնէ գեղանկարները կը ստեղծէ բոլոր այն կիներուն համար, որոնք իրենց տունը կը սիրեն:

Այս ձեւով ան կ՛ուզէ արուեստը մտցնել ամէնօրեայ կեանքին մէջ` փաստելով, թէ ան գոյութիւն ունի իւրաքանչիւր տան խոհանոցին մէջ:

 

Փիղերու «Լեզուն»

Ա.- Մտահոգ փիղ մը իր ականջները իր մարմնին կը զարնէ:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Գ.- Երբ երկու փիղեր իրարու կը հանդիպին, անոնք զիրար կը հոտուըտան, իւրաքանչիւրը իր կնճիթը միւս փիղին այտերուն եւ բերանին վրայ կը պտտցնէ, ապա անոնք իրենց կնճիթները իրարու կը փաթթեն:

Բ.- Զայրացած փիղ մը իր ականջները կը բանայ եւ ոտքերով գետին կը զարնէ:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Ժամանց

Կրնա՞ս գտնել նկարին մէջ պահուած 8 սանտրները:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Գտիր իւրաքանչիւր որդին պոչը:

Կրնա՞ս գտնել սանտրին առաջնորդող ճամբան:

 

 

 

 

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )