«Ովասիս» Ամառնային Ծրագիրի 15-ամեակ. Հաճելի Քերմես Եւ Լիբանանահայ Երգիչներու Մասնակցութեամբ Երգահանդէս

Կազմակերպութեամբ Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան արուեստից վարժարանին, 2 եւ 3 օգոստոս 2013-ին վարժարանի բակին մէջ տեղի ունեցաւ «Ովասիս» ամառնային ծրագիրի 15-ամեակին առիթով քերմես, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին հարիւրաւոր մանուկներ, պատանիներ, երիտասարդներ եւ ծնողներ: Քերմեսին մասնակիցները խաղերու, երաժշտական ու կախարդական ներկայացումներու եւ բազմատեսակ աշխատանքներու ընդմէջէն անցուցին հաճելի, ուրախ ու անմոռանալի պահեր: Քերմեսին տեղի ունեցան նաեւ մանուկներու յատուկ ճաշերու պատրաստութիւն եւ պարային ցուցադրութիւններ:

Քերմեսը փակուեցաւ ժողովրդային երգահանդէսով, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին լիբանանահայ երգիչներ` Հրաչ Կայծակեան, Վիգէն Տիշչեքենեան, Գարմեն Աճեմեան, Լիզա Սվաճեան, Մանուկ Մինասեան եւ Շաքէ Պաղտասարեան: Երգիչներուն նուագով կ՛ընկերակցէր Սեդօ Պաղտասարեան:

 

 

 

 

 

 

 

Երգիչները ժողովրդական, օտար թէ հայրենասիրական երգերով ստեղծեցին խանդավառ մթնոլորտ եւ արժանացան ներկաներու ծափահարութիւններուն: Երգահանդէսին բեմավարն էր Վարդան Ազնաւուրեան, որ նկատեց, թէ «Ովասիս»-ի 15-ամեայ երթը հարուստ է յաջողութիւններով եւ այս քերմեսը «Ովասիս»-ի աշխատանքներուն կու տայ նոր ուղղութիւններ: Վ. Ազնաւուրեան շնորհակալութիւն յայտնեց լիբանանահայ երգիչներուն, հովանաւորներուն եւ բոլոր անոնց, որոնք մասնակից դարձան քերմեսին եւ երգահանդէսին յաջողութեան:

ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՄԵՍՐՈՊԵԱՆ ԲԱՐՁՐԱԳՈՅՆ
ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՏԵՍՉԱԿԱՆ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ

Share this Article
CATEGORIES