74-րդ Հունձքը Դարուհի-Յովակիմեան Վարժարանի. «Հուսկ Բանք»` Վեր. Տոքթ. Փոլ Հայտոսթեան

Ամավերջի վկայականաց հանդէսները միայն առիթներ չեն շրջանաւարտները պատուելու եւ անոնց ծնողները ուրախացնելու, այլեւ, տեղ մը, նաեւ հաշուեյարդարը կատարելու այն տարիներուն, որոնք ուսումնական յաջորդական հանգրուանները կը հանդիսանան իրենց յաջողութիւններով եւ յառաջդիմութիւններով:

ՀԲԸՄ-ի Լիբանանի կրթական յանձնախումբի հովանաւորութեամբ, շաբաթ, 13 յուլիս 2013, երեկոյեան ժամը 7:00-ին ՀԲԸՄ-ի «Տեմիրճեան» կեդրոնը դարձած էր ժամադրավայրը Դարուհի-Յովակիմեան երկրորդական վարժարանի մեծ ընտանիքին, ուր համախմբուած էին միութենական պատասխանատուներ, տնօրէններ, կրթական մշակներ, ծնողներ, հիւրեր եւ բարեկամներու ընտրանի մը` ներկայ գտնուելու համար 2012-2013 կրթական տարեշրջանի աւարտականներու վկայականներու բաշխման հանդէսին:

33 շրջանաւարտ ու շրջանաւարտուհիներ դափնեպսակը կազմած էին այս տարեշրջանի հունձքին:

Լիբանանի, Հայաստանի ու ՀԲԸՄ-ի քայլերգներու յոտնկայս ունկնդրութենէն ետք, աւարտական դասարաններու դաստիարակ Աւետիս Չաքմաքեան, բացումը կատարելով հանդիսութեան արարողութեան, ողջունեց ներկաները եւ բարի գալուստ ու վայելում մաղթեց բոլորին, ապա բեմ հրաւիրեց վարժարանի տնօրէն  Արա Վասիլեանը` կրթական խօսքը փոխանցելու համար:

Տնօրէնը իր խօսքը սկսաւ անմահանուն Յովհաննէս Թումանեանի մէկ բանաստեղծութեամբ (քաղուած` «Սասնայ ծռեր»-ի «Իմ երգը» քերթուածէն), որուն լոյսին տակ խորհրդածութիւններ ըրաւ` շեշտը դնելով հոգեկան հարստութեան եւ անկէ օգտուելու օրինակելիութեան, Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան բեղուն գործունէութեան արդիւնաւէտութեան, կրթական առաքելութեան հաւատամքին վրայ, ապա` անդրադառնալով վարժարանի արձանագրած իրագործումներուն եւ յաջողութիւններուն, ինչպէս նաեւ ծրագիրներուն եւ դպրոցական կեանքին (խօսքը կու տանք ամբողջութեամբ):

Այնուհետեւ տեղի ունեցաւ մրցանակներու բաշխում (բարի վարուց, ուսման). 67 հոգի արժանացաւ համապատասխան նուէրներու ու մրցանակներու` ձեռամբ կրթական յանձնախումբի անդամներ Լիզա Թելվիզեանի, Վազգէն Այվազեանի ու տնօրէն Արա Վասիլեանի:

Յատկանշական եւ ողջունելու երեւոյթներ էին հայերէնագիտական ու գեղարուեստի մրցանակները, որոնք տրամադրուած էին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութենէն եւ կարգ մը ազգայիններէ, որոնք նախանձախնդիր էին` գնահատելու արժանաւոր աշակերտները:

Պահը հասած էր վկայականներու բաշխման, որուն համար բեմ հրաւիրուեցան ՀԲԸՄ-ի Շրջանակային յանձնաժողովի եւ կրթական յանձնախումբի անդամներ` Արտա Եանըքեան եւ Միսաք Արփաճեան, որոնք տնօրէնին ընկերակցութեամբ վկայականները յանձնեցին շրջանաւարտներուն, ուսուցիչ-ուսուցչուհիներու ու ծնողներու լիացած հայեացքներուն տակ:

Ապա գեղարուեստական յայտագիրով հանդէս եկան շրջանաւարտ Ճոնի Կէօքճեան` կիթառի վրայ նուագելով եւ երգելով («Ալէլուիա», Լ. Քոհեն) եւ շրջանաւարտ Նարեկ Լաքլաքեան` ասմունքելով Պարոյր Սեւակի «Մարդ էլ կայ, մարդ էլ» բանաստեղծութիւնը:

Ի վերջոյ, երեք շրջանաւարտներ ուղերձներ կարդացին` թարգմանը հանդիսանալով իրենց ընկեր-ընկերուհիներուն, անկեղծ ու բուխ խօսքերով իրենց մտածումներն ու գաղափարները յայտնելով, շնորհակալական եւ երախտագիտական մաղթանքները փոխանցելով, ազգային յանձնառութիւնները շարունակելու վճռակամութեամբ:

Ուղերձները կարդացողներն էին` Վիգէն Մարկոսեան (հայերէն), Ալին Կիտուրեան (արաբերէն), Սինթիա Պաքքալեան (անգլերէն):

Վեր. տոքթ. Փոլ Հայտոսթեան

«Հուսկ բանք»-ը կատարելու համար Ա. Չաքմաքեան բեմ հրաւիրեց վեր. տոքթ. Փոլ Հայտոսթեանը` հակիրճ գիծերով տալով անոր կենսագրութիւնը, հանգամանքներն ու զբաղեցուցած պատասխանատու  պաշտօնները համայնքային ու համալսարանական մարզերէն ներս, հուսկ` որպէս նախագահը Հայկազեան համալսարանի:

Վեր. Փ. Հայտոսթեան, իրեն յատուկ ճարտասանութեամբ ու պերճախօսութեամբ, շնորհաւորելէ ետք շրջանաւարտները, անոնց պատգամեց կառչած մնալ բարեկամութիւն հասկացողութեան գործադրելիութեան` որպէս կրթութեան հիմքի ու նպատակի, հինգ գլխաւոր կէտերու ընդմէջէն զանոնք յորդորելով ատոր հետեւիլ կեանքի խայտաբղէտ պայմաններուն մէջ, քանի որ «բարեկամութիւնը, կամքը բարի դարձնելու աշխատանքը գաղտնիքն են կրթութեան ու բարի կեանքին»:

Ա. Չաքմաքեան եզրափակեց այս յիշատակելի հանդիսութիւնը` յատուկ շնորհակալական խօսքեր ուղղելով բոլոր պատասխանատուներուն, պաշտօնակիցներուն, գործակից մարմիններուն ու մասնակիցներուն:

Հանդիսասրահի բացօթեայ պատշգամին մէջ շրջանաւարտներն ու ծնողները ընդունեցին շնորհաւորութիւններ ու բարեմաղթութիւններ:

Վկայկաններ ստացան՝

Անթոսեան Նովա, Գըլլոյեան Շանթ, Տաքեսեան Ալիս, Մարկոսեան Վիգէն, Յովհաննէսեան Ցոլեր, Թագաճեան Փաթիլ:

Պաքալորէա Գիտական  Բաժին

Պիթար Նանոր, Քէօմպեճեան Շահէ, Էրզրումեան Անտրէ, Քէօշկերեան Տիգրան, Կիտուրեան Ալին,  Թաշճեան Նանոր, Կիւզելեան Մանէ, Թորոսեան Կարօ:

Պաքալորէա Կենսաբանութեան Բաժին

Աբրահամեան Քարլա, Ճանճանեան Մարիա, Պաքքալեան Սինթիա, Գասարճեան Հրակ, Պարախեան Գրիգոր, Գայայեան Րաֆֆի, Պետոյեան Նանոր, Ունճեան Նուպար, Տինկիզեան Օշին, Փանոսեան Սթեֆանի, Կէօքճեան Ճոնի, Սիմոնեան Մարալ, Կիւլեսերեան Նարինէ, Թելվիզեան Կասիա, Հինտոյեան Ռիթա, Թոմասեան Սերժ, Ժամկոչեան Տանիէլ, Լաքլաքեան Նարեկ:

ՀԲԸՄ-Ի ՎԱՐԺԱՐԱՆՆԵՐՈՒ
ՏԵՂԵԿԱՏՈՒԱԿԱՆ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ

Share this Article
CATEGORIES