Հայ Աւետարանական Երկրորդական Վարժարան, Այնճար

 

 

 

 

 

 

 

Ուրբաթ, 21 յունիս 2013, երեկոյեան տօնական մթնոլորտ կը տիրէր Այնճարի Հայ  աւետարանական երկրորդական վարժարանի շրջափակին մէջ, որովհետեւ 12-րդ եւ 6-րդ դասարաններու աշակերտներ կը պատրաստուէին ստանալու իրենց երկար սպասած վկայականները: Դպրոցի շրջափակին մէջ կար  400-ի հասնող հոծ բազմութիւն մը, եկեղեցական եւ միութենական եւ ազգային առաջնորդներու կողքին:

Հանդէսը սկսաւ շրջանաւարտներու մուտքով` առաջնորդութեամբ վարժարանի տնօրէն վեր. Րաֆֆի Մսըրլեանի: Իւրաքանչիւր շրջանաւարտի ձեռքը բռնած էր աշակերտ մը` նախակրթարանի բաժնէն: Մեծ աշակերտները գրաւեցին իրենց տեղերը, նախակրթարանի փոքրիկ աշակերտները կազմեցին խմբակ մը բեմին վրայ, եւ պարզելով իրենց ձեռքերուն մէջ եղած գիրերը եւ Ցեղասպանութիւնը ճանչցած երկիրներուն դրօշակները` բեմին վրայ գոչեցին «դէպի հարիւրամեակ. յիշել, յիշեցնել, պահանջել» յայտարարութիւնը: Այս պատկերին յաջորդեց Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներու ունկնդրութիւնը: Այնուհետեւ հայ աւետարանական եկեղեցւոյ հովիւ պատ. Յակոբ Ագպաշարեան, կարդաց 31-րդ սաղմոսը Աստուածաշունչէն եւ մատուցեց գոհաբանական աղօթք: Առաջնորդութեամբ Մարիա Փալազեանի եւ դաշնակի ընկերակցութեամբ Լոռի Այնթապլեանի, դպրոցի «Նայիրի» երգչախումբը մատուցեց 3 երգեր:

Վեր. Մսըրլեան կատարեց մրցանակաբաշխումը` բոլոր դասարաններէն յիշելով պատուոյ ցանկի աշակերտներուն անունները ու գնահատելով անոնց աշխատանքը նուէրներով:

Կարգը եկաւ 6-րդ դասարանի շրջանաւարտներուն: Անոնք իրենց ասմունքի թեման ընտրած էին Սայաթ Նովայէն, որուն պատկերը զետեղուած էր բեմին վրայ: Անոնք ներկայացուցին երեք մասերէ բաղկացած խմբային ասմունք մը: Իւրաքանչիւր բաժնի աւարտին երգչախումբը ներկայացուց Սայաթ Նովայէն փունջ մը երգեր, իսկ «Նարին» պարախումբը պատկերը ճոխացուց հայկական պարով:

Կարգը եկաւ 12-րդ դասարանի աշակերտներուն, որոնք բեմ բարձրանալով` կատարեցին իրենց խմբային ասմունքը` նիւթ ունենալով «խաղաղութիւն եւ ազատութիւն» իրականութիւնները:

Ասմունքէն անմիջապէս ետք 6-րդ դասարանի աշակերտներ ներկայացուցին խմբային պար մը, որուն յաջորդեցին 6-րդ դասարանի ուղերձները 3 լեզուներով` հայերէն, արաբերէն եւ անգլերէն:

Երկրի քաղաքական կացութեան պատճառով կը բացակայէր օրուան բանախօսը: Ուրեմն դպրոցի տնօրէնը բեմ հրաւիրեց Միացեալ Նահանգներէն հիւրաբար Այնճար գտնուող վեր. Յովհաննէս Մելքոնեանը, որ կատարեց վկայականաց բաշխումը 6-րդ եւ 12-րդ դասարաններու:

Վկայականներու բաշխումէն ետք 12-րդ դասարանէն երեք աշակերտներ կարդացին ուղերձ, որմէ ետք բեմէն իջնելով` գնահատեցին իրենց ծնողները ծաղիկներով:

Հանդէսի աւարտին վեր. Ր. Մսըրլեան կատարեց հուսկ բանքը: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց Աստուծոյ դպրոցական այս տարեշրջանին համար եւ շեշտեց, որ Այնճարի Հայ աւետարանական երկրորդական վարժարանը պիտի շարունակէ հաւատարիմ մնալ իր առաքելութեան` տալով քրիստոնէական եւ ազգային ու նաեւ որակաւոր դաստիարակութիւն իր աշակերտներուն: Իր խօսքը ուղղելով 12-րդ դասարանի շրջանաւարտներուն` մաղթեց, որ անոնք հաւատարիմ մնան այն բոլոր արժէքներուն, զորս սորվեցան այս վարժարանին մէջ:

Յայտագիրը վերջ գտաւ վեր. Մսըրլեանի աղօթքով եւ առաքելական օրհնութիւնով:

Մանկապարտէզի Ամավերջի Հանդէս

Այնճարի Հայ աւետարանական երկրորդական վարժարանի մանկապարտէզի բաժնի ամավերջի հանդէսը տեղի ունեցաւ շաբաթ, 15 յունիս 2013-ին, երեկոյեան ժամը 6:00-ին, «Հետուիկ» սրահին մէջ:

Հանդէսը սկսաւ լիբանանեան եւ հայկական քայլերգներով, որմէ ետք մանկապարտէզի աշակերտները սրահ մտան իրենց մանկական անուշ ժպիտով:

Հանդէսի առաջին բաժինը հոգեւոր էր, որուն ընթացքին Ծաղիկ դասարանի աշակերտներէն կարդացին Աստուածաշունչէն հատուած մը: Ապա մանկապարտէզի աշակերտները ներկայացուցին հոգեւոր եւ ազգային երգեր ու սաղմոս մը:

Այս տարուան հանդէսին նիւթն էր «Կեցցէ՛ հայ դպրոցը»: Աշակերտները ուրախութեամբ երգեցին «Մենք մանուկներ հայոց ազգին», որպէսզի ցոյց տան, որ իրենք հպարտ են իրենց հայութեամբ եւ հաւատարիմ են իրենց հայրերուն աւանդին:

Ապա ցուցադրուեցաւ կարճ տեսերիզ մը, ուր ներկաները դիտեցին մանուկներուն դպրոցական տարեշրջանի գործունէութիւնները:

Ծիլ, Բողբոջ, Կոկոն, Ծաղիկ դասարանները կենդանի պատկերներով եւ պարերով ներկայացուցին տարուան չորս եղանակներն ու տօները, ինչպէս` Ծնունդ, Վարդանանց, Զատիկ, Մայիս 28…

Հետաքրքրական էր տեսնել, թէ ինչպէ՛ս փոքրիկները իրենց սորվածները մեծ խանդավառութեամբ եւ մանկական հպարտութեամբ ներկաներուն հրամցուցին. հանդէսի վերջաւորութեան բեմ բարձրացան Ծաղիկ դասարանի շրջանաւարտները եւ ստացան իրենց առաջին վկայականը, որուն կը սպասէին անհամբեր: Ապա անոնք հրաժեշտի խօսք ըսին մանկապարտէզին, որպէսզի յաջորդ տարի միանային նախակրթարանի աշակերտներուն, ուր աւելի ծանր էր դասերը, բայց խոստացան ըլլալ լաւ, տիպար հայ աշակերտներ:

Ծաղիկ դասարանի շրջանաւարտներ.-

Արգինա Աբէլեան, Ալեքս Սագարեան, Հայկ Ադամեան, Յակոբ Այնթապլեան, Ռուբէն Քիւրտեան, Խաչիկ Արսլանեան, Արաբօ Շերպեթճեան, Ամիրա Սրէյմօ, Քրիստել Փիլաւճեան, Ալեքս Նաճարեան, Սագօ Յակոբեան, Սագօ Քիլեճեան, Ալեքս Հապեշեան, Ապտալլա Իտրիս, Տանիէլ Ապու Աննա:

Նախակրթարանի շրջանաւարտներ.-

Մարիա Աբէլեան, Շանթ Աբեքճեան, Խաժակ Ադամեան, Նազանի Ադամեան, Սեւադա Անտոնեան, Զաւէն Գապաքեան, Մեղրի Գարաքեշիշեան, Շահան Գարիկեան, Ցոլակ Գրիգորեան, Սարին Թանիքեան, Գասպար Թովմասեան, Վանայ Հապեշեան, Յովսէփ Մսըրլեան, Հերմինէ Մաթասարեան, Ալեքս Շաննաքեան, Սպիտաք Տեմիրճեան, Շանթ Տուտագլեան, Նարէ Փիլաւճեան, Արազ Փամպուքեան, Արազ Քէօֆթէեան:

Երկրորդականի շրջանաւարտներ.-

Փաթիլ Գէորգեան, Լարա Զաքարեան, Քերոբ Պալճեան, Մեղրի Պոյաճեան, Մարիա Տետուշեան, Կարօ Տէր Գրիգորեան, Մարկրիթա Տուտագլեան, Նանոր Քէշիշեան, Շանթ Քէշիշեան, Հելենա Քերքեզեան:

Share this Article
CATEGORIES