Սիրելի Քեսապին …

ՍԵՒԱՆ Ճ. ԱԲԷԼԵԱՆ

Վաղը 18 օգոստոս է. Քեսապի Ուսումնասիրաց միութեան 2013 տարուան (Լիբանանի բաժնի) օրացոյցին վրայ նշուած է «Աստուածածին»:

Այս օրն է, որ Քեսապ ապրող քեսապցիները եւ աշխարհի տարբեր անկիւններ ապրող հայրենակիցներ կը հաւաքուին հայրենի գիւղին մէջ` տօնելու աւանդութիւն դարձած «Հերիսայի տօն»-ը: Այս առիթով Քեսապի հողին վրայ կը միախմբուին յատկապէս Հալէպէն, Լաթաքիայէն, Դամասկոսէն, Պէյրութէն քեսապցիներ կամ պարզապէս այս տօնին առիթով հոն գտնուիլ փափաքող հայեր:

Սակայն այս տարուան Աստուածածնի տօնը բոլորովին այլ է: Դժբախտաբար Միջին Արեւելքը ընդհանրապէս, իսկ Սուրիան յատկապէս ճակատագրական օրեր կ՛ապրին:

Այս տարի Քեսապի մէջ ամայութիւն է, մթնոլորտը տխուր է: Մարդիկ չեն կրնար երթալ Քեսապ, որովհետեւ ապահովական պայմաններն ու պատերազմական վիճակը չեն արտօներ, որ անոնք ապահով տեղ հասնին: Նախորդ տարի ալ վիճակը աւելի երանելի չէր, բայց եւ այնպէս Քեսապի եկեղեցւոյ բակին մէջ եփեցաւ հերիսան, որպէսզի աւանդութիւնը պահուի:

Աւանդութիւն է, որ Աստուածածնայ կիրակին Քեսապի տուներուն մէջ հերիսայ եւ ճերմակ լուբիա եփի, ինչպէս նաեւ ձէթով «քեխքէ» եւ պանիրով հաց` թոնիրին մէջ:

Կիրակի առաւօտ, Ս. պատարագէն ետք տեղի կ՛ունենար խաղողօրհնէք: Ապա ժողովուրդը Քեսապի եւ Հալէպի փողերախումբերուն առաջնորդութեամբ կը տողանցէր Քեսապի մայր ճամբուն վրայ: Իսկ կէսօրէ ետք կը սկսէր հերիսայի պատրաստութիւնը:

Իսկ այս տարի՞ …

Պիտի կարենա՞ն տօնել տարիներու աւանդութիւն դարձած տօնը: Կիրակի օր Քեսապի Էսքիւրան կամ Ներքի Գիւղ կոչուած շրջաններուն մէջ ուխտաւորներ պիտի հաւաքուի՞ն: Մատուռին դուռը բաց էր բոլոր  հաւատացեալներուն առջեւ: Երիտասարդները կը մորթէին ոչխարները, եւ միսը կը դրուէր կաթսաներուն մէջ, որոնք քով-քովի շարուած կ՛ըլլային մեծ սօսի ծառին տակ: Շրջանի գնչուները գիտէին, որ այդ թուականին «Քեսապի օր» է եւ կը փութային իրենց նուագարաններով շէնցնելու օրը:

Այս տօնական եւ իւրայատուկ օրը մեծ ուրախութիւն կը պատճառէր բոլորին, աշխարհի տարբեր երկիրներէ հարազատներ կը համախմբուէին հոն, կը հանդիպէին բարեկամներու, կը վերյիշէին հին ու քաղցր օրերը:  Տօնախմբութիւնը կը տեւէր մինչեւ առաւօտ: Երկուշաբթի առաւօտուն սրբազանը կ՛օրհնէր հերիսան, որ կը դրուէր յատուկ ամաններու մէջ եւ կը բաժնուէր բոլոր ներկաներուն անխտիր:

Երեք տարիներ առաջ, Այնճարի հիմնադրութեան 70-ամեակին առիթով, Այնճարէն կազմակերպուած էր ուխտագնացութիւն մը դէպի Մուսա Տաղ: Հոն ալ Աստուածածնայ տօնը կը տօնեն շաբաթ գիշերը: Այնճարցիները ուրախ էին այցելելով իրենց պապենական հողերը` տեսնելու իրենց ծնողներուն, մեծ հայրերուն տուները… եւ վերյիշելու իրենց լսած պատմութիւնները: Իսկ վերադարձի ճամբուն վրայ կիրակի օր անոնք գացին Քեսապ, որպէսզի մասնակցին Քեսապի տօնախմբութեան:

Ո՞վ կրնար երեւակայել, որ շատ արագ ամէն բան պիտի փոխուէր եւ ամէն բան երազի պիտի վերածուէր …

Իսկ հիմա՞ …

Հայու ճակատագիր… Հայը ամէն տեղ կը շինէ մեծ խանդավառութեամբ, որպէսզի պատերազմներու պատճառով ձգէ ու երթայ նոր երկիրներ` հոն եւս  շէնցնելու առանց յուսահատելու:

Մաղթանքս  եւ աղօթքս է, որ շուտով խաղաղութիւն ըլլայ աշխարհի չորս ծագերուն, եւ 2014-ի ամրան դարձեալ կարենանք երթալ Քեսապ եւ Էսքիւրանի մեծ սօսիին տակ տօնենք Աստուածածնայ տօնը:

 

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )