Աստուածամայրը Աստուածածնայ Մէջ
ՎԱՐԴԱՆ ԱԲՂ. ԹԱՇՃԵԱՆ
«Մի՛ վախնար, Մարիա՛մ, որովհետեւ Աստուծոյ շնորհքին արժանացար: Ահա պիտի յղանաս եւ զաւակ մը ծնիս, որ Յիսուս պիտի կոչես: Անիկա մեծ պիտի ըլլայ եւ Բարձրեալին Որդին պիտի կոչուի» (Ղկ. 1.30-32)5
Գալիլիոյ Նազարէթ քաղաքին մէջ ապրող Մարիամ անունով կոյսի մը տրուած երկնառաք աւետալուրն էր այս աւետարանական համարահատուածը` փոխանցուած Գաբրիէլ հրեշտակապետին կողմէ: Աւետիս մը, որ յեղաշրջեց մարդկային պատմութեան ընթացքը` քաղաքական, ընկերային եւ բարոյական հասկացողութեամբ: Ս. Կոյս Մարիամ կիներու մէջ դարձաւ առաջին յեղափոխականը, երբ յաղթական ու բարձրաձայն ձայնով ըսաւ. «Մեծացուսցէ անձն իմ զՏէր եւ ցնծասցէ հոգի իմ Աստուծով Փրկչաւ իմով»: Ինք դարձաւ բոլոր մայրերուն Մայրը եւ տիկիններուն Տիկինը, երբ մայրաբար իր արգանդին մէջ Մեսիան ընդունեց. «Դասք անմարմնոց հրեշտակաց քեզ երանեն ամէնօրհնեալ Կոյս Մարիամ, որ զէակից Բանն որ ընդ Հօր կրեցեր ի քեզ անսերմնապէս»` հակառակ իր երկրածին, տկար եւ հողանիւթ շինուածքին:
Աստուածածնայ արժէքը միայն Աստուածորդիին ծնունդ տալուն մէջ չէ, որ կը տեսնենք, այլ նաեւ` մայրութեան, սրբութեան, մաքրութեան, անմեղութեան, գուրգուրանքին ու բարեխօսութեան մէջ:
Հայ եկեղեցւոյ վարդապետութեան, հաւատքին, հոգիին, ծէսին ու շարականին մէջ յատուկ ու մեծ տեղ կը գրաւէ Աստուածամօր ներկայութիւնը: Մեր եկեղեցին կը հաւատայ Ս. Կոյս Մարիամի արագահաս բարեխօսութեան, ինչպէս կը յիշուի մեր աղօթքներէն մէկուն մէջ. «Եւ Վասն Սրբուհւոյ Աստուածածնին բարեխօսութեանն, Տէ՛ր, ընկալ զաղաչանս մեր եւ կեցո զմեզ»:
Երբ պահ մը խորհինք Աստուածածնայ մասին, մեր միտքին մէջ կը ծագի այն հարցումը, թէ ինչո՞ւ Աստուած Մարիամը ընտրեց Աստուածորդին յղանալու ու ծնունդ տալու համար Բեթղեհեմի մէջ: Ի՞նչ կ՛ապացուցէ այս մէկը:
Եբրայական թարգմանութեան համաձայն, Բեթղեհեմ կը նշանակէ «հացի տուն» եւ նաեւ` «իր երդումը»: Այս բացատրութեանց մէջ երկու կարեւոր կէտեր կը նշմարենք:
ա.- Աստուած մարգարէներու միջոցով դաշինք կնքեց մարդուն հետ եւ խոստացաւ Փրկիչը ղրկել աշխարհ` որպէս հաշտութեան նոխազի, այսինքն հաստատեց խոստումը եւ կատարեց երդումը: Ահա հոս կը գտնենք Աստուածամօր արժէքը եւ անոր աննախընթաց զոհողութիւնն ու նուիրումը: Ինք կամուրջ դարձաւ Աստուած եւ մարդ յարաբերութեան ու հաշտութեան: Բեթղեհեմի պզտիկ մսուրը դարձաւ խորան, դարձաւ արքունիք: Կարելի չէ երբեք նուազ դասել Ս. Կոյսին դերը աստուածային փրկագործական ծրագիրին մէջ: Աստուածածինը Քրիստոսի միջոցով ձեւով մը դարձաւ մարդկութեան եթէ ոչ փրկիչ` գէթ ուղին ու միջոցը փրկութեան:
բ.- Հետաքրքրական է նաեւ պեթ լահմ (հացի տուն) բառին կապակցութիւնը Աստուածամօր հետ:
Երբ կը կարդանք հայ դիցաբանական մեր պատմութիւնը, հոն կը հանդիպինք Նանէ անունով չաստուածուհիի մը: Նան պարսկերէն հաց կը նշանակէ: Նանէն մեր դիցաբանական պատմութեան մէջ մայրութեան, սնունդի ու առատաձեռնութեան դիցուհին եղած է: Հացը կեանքի խորհրդանիշն է: Հացը բերքի առատութեան պտուղն է: Անիկա յարատեւութեան, աճելու, շատնալու ու ծնունդ տալու, տան օրհնութեան եւ մանաւանդ մայր ըլլալու կեանքի կենսական պահանջն է: Ահա թէ ինչո՛ւ Աստուածամայրը այս բոլոր բարիքները, սէրը, մայրութիւնը, գուրգուրանքը, ապրեցաւ Աստուածածինի վայելող ու սազող մօր մը պէս:
Մարիամ Աստուածածինի վարքն ու տիպարը այսօր անգամ մը եւս պէտք է ներթափանցեն իւրաքանչիւր մօր հոգիին ու կենսաոճին մէջ: Գլխագիր մայր ըլլալու առաջին նախապայմանը մայրութեան մէջ կը կայանայ: Ինչպէս Աւետարանը կ՛ըսէ, ծառը իր պտուղէն կը ճանչցուի, այսինքն իւրաքանչիւր մօր օրհնութիւնն ու գութը անպայման որ իր պտուղը կու տայ:
Հայ մայրը այսօր մեծ դեր ունի կատարելիք որպէս տան քահանայ, ուսուցիչ, սնուցիչ, դաստիարակիչ եւ դէպի ապագայ տանող ճամբայ: Ընկերութեան մը ճակատագիրը գծող ու անոր ապագան որոշող նախագիծին մէջ մայրը մեծ դեր կը խաղայ, մանաւանդ` հայ շրջանակին մէջ, հոգեւոր ու կրօնական առողջ դաստիարակութիւն տալով: Ահա թէ ինչո՛ւ պէտք է նայիլ Աստուածածինի ապրած կեանքին, անոր կատարեալ մայրական բծախնդրութեան եւ անոր կենցաղատիպարը դրսեւորել մեր հայ ընտանիքներէն ներս:
Թող որ «Անհարսնացեալ Մարիամ», «Կենդանի Տապանակը», «Լոյսի Խորանը» եւ «Տիեզերքի Թագուհին»` Ս. Կոյս Մարիամ Աստուածածինը իր անսպառ ու մշտահոս բարիքները, մայրական գութը, սէրն ու գորովը պարգեւէ մեր բոլորին` բարեխօսելով առ Միածին Որդիին, որ Հօր աջ կողմը կը նստի, եւ որ միշտ փառաւորուած է երկնածին եւ երկրածին արարածներուն կողմէ, յաւիտեանս յաւիտենից: Ամէն:

