Յոյսի Բարձունքը
ԱՐՏԱԿ ԱԲՂ. ԱՐԱՊԵԱՆ
1952 թուականը սփիւռքահայ տարրին համար նոր էջ մը բացաւ: Էջ մը, որուն վրայ արձանագրուած կոյս տողերուն օրհնութիւնը հանդիսացաւ Աստուածածնայ ուխտագնացութեան օրհնաբեր ու վերածնունդի յոյսի լոյսով լեցուն սուրբ աւանդութիւնը: Աստուածածնայ մատրան հիմնադրումին յաջորդող այս աստուածահաճոյ սովորութիւնը սփիւռքահայութեան համար վերածուեցաւ ամենավսեմ տօնախմբութիւններէն միոյն, երբ իւրաքանչիւր հայ իր հոգիին պարտականութիւնը համարեց այս սուրբ օրով անգամ մը եւս իր հայեացքը դէպի անցեալ դարձնելու եւ անցեալի արցունքներով ողողուած «հի՜ն օրերու» ցաւերը ներկայի արգասաբերութեան ու ապագայի լաւատես յաջողութիւններով թարմացնելու լաւագոյն առիթը:
Շա՜տ շատեր իրենց սիրտին խորքը փափաք մը, իսկ ուրիշներ իրենց հոգին ճնշող ու խիղճը ծանրացնող «բեռէ» մը ձերբազատելու համար կը բարձրանան հայոց այս նոր Գողգոթան, որմէ ճաճանչող ճառագայթներէն թարմացած հոգիներով ու յագեցած սիրտերով փրկութեան յոյսով վերածնած իրենց վայրէջքը կը կատարեն դէպի ալեկոծ աշխարհ… Աստուածամայրն է, որ իր մայրութեան գուրգուրալից հպումներով կը ներթափանցէ իւրաքանչիւր ուխտաւոր հայորդիի ալեկոծ հոգիին խորքերը ու իրմէ ծնած Աստուածորդիին` մեր Փրկիչին խաղաղութիւնը կը հաստատէ անոր ներսիդին: Հայու նոր Գողգոթան Պիքֆայայի բարձունքներուն վրայ Աստուածամօր բարեխօսութիւնը հայցողներու փրկութեան գողգոթան է, ուր աներեւոյթ ներկայութեամբ բարձրացած Քրիստոսի Ս. խաչը փրկութեան լոյսով կը վերանորոգէ իւրաքանչիւր հայու ներաշխարհը:
Օրհնութեան, սրբութեան, արգասաբերութեան ու մանաւանդ մայրութեան խորհրդանիշ Ս. Աստուածածինը հայոց աշխարհին համար եղած է ու միշտ կը մնայ ամէնօրեայ փառաբանութեան արժանի դէմք մը, որով նաեւ ան հայ անհատին վերածնունդին անկիւնաքարը կը նկատուի: Ի զուր չէ, որ մեր եկեղեցւոյ մէջ առօրեայ դրութեամբ կ՛երգենք` «Փառաւորեալ եւ օրհնեալ միշտ Սուրբ Կոյս Աստուածածին Մարիամ, մայր Քրիստոսի մատո զաղաչանս մեր Որդւոյ քո եւ Աստուծոյ մերոյ»: Այս տողերուն ընդմէջէն համայն աշխարհն հայոց կը խոստովանի Ս. Կոյս Մարիամի Աստուածամայր ըլլալուն իրողութիւնը, ինչպէս նաեւ անոր կատարած բարեխօսութեան դերը իր երկնաւոր Որդիին մօտ` ի խնդիր մեր (իր երկրաւոր զաւակներուն) փրկութեան ու բարօրութեան համար:
Դարերէ ի վեր Հայ եկեղեցւոյ սուրբ հայրերէն մեզի ժառանգ մնացած Սուրբ Մօր այս խորհուրդը մեծ նշանակութիւն ունի մեզմէ իւրաքանչիւրին համար, եւ որպէս հայորդիներ` մենք պարտաւոր ենք մեր յարգանքի ու փառաբանութեան տուրքը ընծայելու մեզի համար բարեխօսող Ս. Մօր, անոր նուիրուած ուխտի օրուան առիթով: Ահաւասիկ մեր պարծանքի աղբիւրը, որ Պիքֆայայի բարձունքներէն առատօրէն իր օրհնութիւնները կը զեղու իւրաքանչիւր հայու հոգիին յագեցման համար: Խմենք անկէ առատապէս ու բարձրանալով անոր գագաթն ի վեր` տեսնենք փառքը Երկնաւորին, փառքը մեր աշխարհին, փառքը մեր դարաւոր եկեղեցիին` արթուն պահապանը հայու տիպարին:

