Վենկերի Տրամադրութեան Տակ Մնացած Է Ընդամէնը 14 Ֆութպոլիստ
Արսենալի մարզիչ Վենկեր կազմի անդամներուն ընտրութեան հետ լուրջ խնդիրներ պիտի ունենայ Անգլիոյ ախոյեանութեան նոր տարեշրջանին, Ասթոն Վիլայի դէմ Ա. հանգրուանի մրցումին գծով, կը յայտնէ ArmSport.am հայկական լրատուական կայքէջը:
Երէկուան տուեալներով, ֆրանսացի մարզիչը հիմնական կազմին համար իր տրամադրութեան տակ ունի միայն 14 ֆութպոլիստ: Խումբին հիմնական կազմին շարք մը մարզիկները վիրաւորուած են:
Նշենք, որ այս ամրան ընթացքին Արսենալէն հեռացած են 17 ֆութպոլիստներ, որոնց կարգին` Անտրէյ Արշաւին, Տենիլսոն, Սեպասթիան Սքիլաչի, Անտրէ Սանթոս, Մարուան Շամախ եւ ուրիշներ:
CATEGORIES Մարզական