Վալենսիա Շուրջ 300 Միլիոն Եւրոյի Պարտք Ունի

Հակառակ կուտակուած մեծ պարտքերուն, Վալենսիայի պատասխանատուները լաւապէս տրամադրուած են եւ կը շարունակեն իրենց ծրագիրներուն համապատասխան` պատրաստուիլ Սպանիոյ ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան 2013-2014 տարեշրջանին, կը յայտնէ ArmSport.am հայկական լրատուական կայքէջը:

Տարեշրջանին նախօրեակին, սպանական ակումբը յայտարարեց, որ ներկայիս ակումբին պարտքերը 275,7 միլիոն եւրօ են:

«Ֆութպոլ Էսփանիա կը յայտնէ ըսելով, որ հակառակ ատոր, ակումբին նախագահը ուրախ է, որովհետեւ վերջին քանի մը տարիներուն ակումբին պարտքերը կրճատուած են 66 միլիոն եւրոյով:

Ակումբին կողմէ հրապարակուած յայտարարութեան մը մէջ նշուած է, «եթէ մենք շարժենք ըստ ծրագրուածին, ապա 2016-ին կը շտկենք մեր իրավիճակը եւ ստիպուած չենք ըլլար մեր մարզիկները ծախելու` պարտքերը կրճատելու համար»:

Share this Article
CATEGORIES