Չեխիոյ Մէջ Արդէն Իսկ Կը Ծախուին Հայաստանի Դէմ Տեղի Ունենալիք Մրցումին Տոմսերը
ArmSport.am հայկական լրատուական կայքէջը կը հաղորդէ, որ Չեխիոյ մէջ արդէն իսկ կը ծախուին 6 սեպտեմբերին տեղի ունենալիք Չեխիա – Հայաստան ֆութպոլի միջազգային բարեկամական մրցումին տոմսերը: Լուրը հրապարակած է Չեխիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքէջը` աւելցնելով, որ տոմսերը կ՛արժեն 200-490 չեխական քրոն (8-20 եւրօ):
Մրցումը տեղի պիտի ունենայ Փրակայի մէջ գտնուող «Սինոթ Թիփ» մարզադաշտին վրայ, որ կրնայ հիւրընկալել 21 հազար հանդիսատես:
Նշենք, որ երկու կազմերը 2014-ի Մոնտիալի զտումի մրցաշարքին ծիրին մէջ մաս կը կազմեն նոյն` Բ. խմբակին: Չեխիա 9 կէտով կը գրաւէ 3-րդ դիրքը, իսկ Հայաստան 6 կէտով` 4-րդ դիրքը:
CATEGORIES Մարզական

