Թենիս. «Տէյվիս Քափ». Նալպանտեան Շատ Հաւանաբար Բացակայի Կիսաւարտականի Մրցումէն
PanArmenian.Net լրատուական կայքէջը կը հաղորդէ, որ արժանթինահայ Դաւիթ Նալպանտեան շատ հաւանաբար բացակայի թենիսի «Տէյվիս Քափ»-ի կիսաւարտական մրցումէն, երբ անոր կազմը սեպտեմբերին ճակատի Չեխիոյ դէմ:
Արժանթինի թենիսի հաւաքականի մարզիչ Միկել Խորի յայտնեց, որ Նալպանտեան իր ամէն կարելին կ՛ընէ, որպէսզի ապաքինի մինչեւ սեպտեմբեր:
«Ցարդ անորոշ է, որ ան պիտի կարենա՞յ ամբողջութեամբ ապաքինիլ», ըսաւ Միկել Խուրի:
Նշենք, որ վիրաբուժութեան ենթարկուած Նալպանտեան թէեւ այժմ սկսած է իր փորձերուն, սակայն ան չէ ընդգրկուած հաւաքականին մէջ:
CATEGORIES Մարզական

