Պիքֆայայի Վանքին Մէջ Սուրբ Աստուածածնայ Վերափոխման Տօնին Նուիրուած Դասախօսական Շարք

Ամէն տարուան սովորութեան համաձայն, այս տարի եւս Ս. Աստուածածինի վերափոխման տօնը կանխող շաբթուան ընթացքին, Պիքֆայայի վանքին մէջ Ս. Աստուածածինի նուիրուած դասախօսութիւններ տրուեցան միաբան հայրերու կողմէ: Դասախօսութեանց մասնակցեցան շուրջ 200 կիներ:

Արդարեւ, երկուշաբթի, 12 օգոստոս 2013-ին սկիզբ առած դասախօսական շարքը իր աւարտին հասաւ ուրբաթ, 16 օգոստոս 2013-ին, երբ դասախօսութիւններուն մասնակից հաւատացեալները Պիքֆայայի վանքի դահլիճ բարձրանալով, ստացան Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին օրհնութիւնն ու լսեցին անոր պատգամը` ուղղուած յատկապէս հայ մայրերուն: Աւարտին, հաւատացեալները մօտեցան վեհափառ հայրապետին աջահամբոյր կատարեցին եւ ստացան Ս. Աստուածածնայ պատկերը:

Տեղեկացնենք, որ նոյն օրը ժամը 11:00-ին տեղի ունեցաւ աղօրհնէք, որմէ ետք մատաղցու ոչխարները զենուեցան եւ մատաղի պատրաստութիւնը սկիզբ առաւ:

Յայտնենք, որ նոյն օր գիշերը ժամը 8:00-ին Հսկումի արարողութիւն կատարուեցաւ: Տարիներու սովորութեան համաձայն, ուխտաւորները գիշերեցին վանքին մէջ իբրեւ նախապատրաստութիւն յաջորդ օրուան:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )