Հաղորդագրութիւն

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Երկուշաբթի, 12 օգոստոս 2013-ին, կէսօրէ առաջ ժամը 10:00-ին, «Վանայ ձայն»-ի «Առաւօտեան յայտագիր»-ին ընդմէջէն հեռաձայնային հարցազրոյց մը տեղի ունեցաւ Արցախի Քաշաթաղ շրջանին մէջ գտնուող ԶՈՄ-ականներուն հետ: Նախ եւ առաջ Քաշաթաղի Մոշաթաղ շրջանին մէջ գտնուող գործուղուած ԶՈՄ-ական ընկերներուն անունով խօսեցաւ Խաչիկ Տեմիրճեան: Հակիրճ կերպով ներկայացուեցաւ Մոշաթաղի ընդհանուր կացութիւնն ու իրավիճակը, ապա ԶՈՄ-ի ընկերներուն կողմէ պատրաստուած դաստիարակչական ծրագիրը, որուն կը հետեւին 2 տարիքային բաժանումով խումբեր, որոնք կը հաշուեն 60 պատանի:  Հարցազրոյցին ընթացքին Խաչիկ Տեմիրճեան ներկայացուց շինարարական աշխատանքի մը նախաձեռնութիւնը, որ կ՛իրագործուի Մոշաթաղի մէջ. ծրագիրին վերջնական պատկերացումը կատարուեցաւ գետնի վրայ` խորհրդակցելէ ետք գիւղի պատասխանատուներուն եւ բնակիչներուն հետ, պարզ այն տրամաբանութեամբ, որ կ՛ըսէ, թէ առաջնահերթութեան կարգով պէտք է շարժիլ: Թէեւ ի մտի ունէինք շինարարական աշխատանքի այլ ծրագիր մը, սակայն մեզի համար կարեւորը գիւղացիներուն անհրաժեշտ պէտքերն են, որոնք ներկայացուեցան ջուրի խողովակներու ընդհանուր նորոգութեամբ: Նշեալ շինարարական աշխատանքին շնորհիւ, Մոշաթաղի 50 տուները պիտի ունենան ջուրի խողովակներու նորոգուած ցանց մը, որ նախապէս բաւական հին եղած է:Շինարարական աշխատանքը արդէն ընթացքի մէջ է:

Հարցազրոյցի երկրորդ բաժինով, հարաւային Քաշաթաղի Սարատակ եւ Տիգրանաւան զոյգ շրջանները գործուղուած ընկերներուն անունով խօսեցաւ Արազ Գոճայեան, որ ներկայացուց նշեալ ծրագիրին տեղւոյն գիւղերուն մէջ պատանիներուն մեծ թիւով մասնակցութեան պատկերը` յայտնելով, որ նման պատկեր մը անսպասելի էր ԶՈՄ-ի ընկերներուն համար: Արազ Գոճայեան յատնեց, որ ծրագիրին կը մասնակցին 2 գիւղերէն 2 տարիքային բաժանումով մօտաւորապէս 60 երեխաներ եւ պատանիներ` 6-էն 16 տարեկան, որոնք մեծ խանդավառութեամբ կը հետեւին ներկայացուած ծրագիրին:

Հարցազրոյցը ամբողջութեամբ լսելու համար կրնաք այցելել հետեւեալ հասցէն` http://www.voiceofvan.net/content/hartsazerouts-12082013, իսկ յաջորդող օրերուն նոյն յայտագիրով պիտի լսէք այլ հարցազրոյցներ ԶՈՄ-ականներուն, պատանիներուն եւ շրջանի պատասխանատու մարմիններուն հետ:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )