Գահիրէ Անգարային. «Չափը Մի՛ Անցներ». Թուրքիա Գահիրէի Մէջ Իր Դեսպանը Տուն Կը Կանչէ, Եգիպտոս Կը Հակադարձէ

Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան 15 օգոստոսին յայտարարեց, որ Եգիպտոսի մէջ Թուրքիոյ դեսպանը, այդ երկրին մէջ Իսլամ եղբայրներու համակիրներուն դէմ կատարուած գործողութենէն ետք, խորհրդակցութեանց համար Անգարա կանչուած է:

Թուրքմենիստանէն իր վերադարձին Էրտողան օդանաւին մէջ իրեն ընկերակցող լրագրողներուն յայտնեց, որ Հիւսէյն Աւնի Պոթսալը Անգարա պիտի գայ` քննարկելու համար Եգիպտոսի մէջ արձանագրուած վերջին զարգացումները:

Նշենք, որ ըստ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան նախատեսութեան, դեսպանը երէկ Անգարա պիտի վերադառնար:

Եգիպտոս Անգարայի քայլին հակադարձելով խորհրդակցութեանց համար տուն կանչեց Թուրքիոյ մէջ իր դեսպանը:

Եգիպտոսի պետական լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարար Նեպիլ Ֆահմի որոշած է Անգարայի մէջ Եգիպտոսի դեսպան Ապտել Ռահման Սալահը խորհրդակցութեանց համար տուն կանչել:

Միւս կողմէ, թրքական «Հապերլեր» կայքէջը կը հաղորդէ, որ Եգիպտոսի կառավարութիւնը ցոյցերու վերաբերեալ կարծր յայտարարութիւններ կատարած Թուրքիոյ մեղադրած է իր ներքին գործերուն խառնուելու յանցանքով եւ կոչ ուղղած` «չափը չանցնելու»:

Եգիպտական կառավարութիւնը պաշտպանած է ցուցարարներու դէմ ոստիկանութեան որդեգրած քայլերը: Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարարութեան յայտարարութեան համաձայն, իրենք կը ցաւին, որ արիւն թափուած է, սակայն կառավարութիւնը ոստիկանութենէն պահանջած է պաշտպանել օրէնքը, եւ այլընտրանք չէ եղած:

Եգիպտոս քանի մը երկիրներու անհանգստութիւն յայտնելու փաստը ի գիտութիւն ընդունած է, սակայն Թուրքիոյ եւ Քաթարին կարծր արձագանգ տուած է:

«Եգիպտոսի ներքին գործերուն խառնուելու Թուրքիոյ քայլը չափը անցնիլ կը նշանակէ», ըսուած է յայտարարութեան մէջ:

Յիշեցնենք, որ Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան Եգիպտոսի մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւնները «ջարդ» որակած էր եւ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին կոչ ուղղած` գործի լծուելու:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )