«Միացեալ Նահանգներ «Ժընեւ-2»-ի Հարցով Ամէն Ինչ Շրջուած Կը Ներկայացնեն» Կ՛ըսէ Լուքաշեւիչ

Ալեքսանտր Լուքաշեւիչ

«ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Ալեքսանտր Լուքաշեւիչ յայտարարած է, որ Միացեալ Նահանգներու այն յայտարարութիւնները, թէ Սուրիոյ տագնապի լուծման «Ժընեւ-2» խորհրդաժողովը հրաւիրելու դժուարութիւնները կապուած են Սուրիոյ ղեկավարութեան` այդ խորհրդաժողովին մասնակցելու անպատրաստակամութեան, իրավիճակը շրջուած կը ներկայացնեն:

Ան նշած է, որ խորհրդաժողովը հրաւիրելու հարցին մէջ նախապայմաններ կ՛առաջադրէ սուրիական ընդդիմութիւնը, եւ ատիկա շատ լաւ յայտնի է ամերիկեան կողմին:

ԻԹԱՐ-ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը իր կարգին կը հաղորդէ, որ Լուքաշեւիչ նաեւ ընդգծած է, որ Սուրիոյ բնակիչները Միացեալ Նահանգներու եւ այլ երկիրներու կողմէ որդեգրուած միակողմանի պատժամիջոցներուն պատճառով դժուարութիւններ կը դիմագրաւեն:

 

Share this Article
CATEGORIES