Եգիպտական Ապահովական Ուժերուն Եւ Մուրսիի Համակիրներուն Միջեւ Բախումներ

Եգիպտոսի տարածքին երէկ եւս եգիպտական ապահովական ուժերուն եւ Իսլամ եղբայրներուն միջեւ բախումներ տեղի ունեցան: Վերջիններս իրենց համակիրներուն կոչ ուղղած էին ուրբաթ օրուան նամազէն ետք Գահիրէի մէջ փողոց դուրս գալով «Զայրոյթի քայլարշաւ» կատարելու:

Եգիպտական բանակը երէկ փակեց Ռապիյա Ատաուիյա հրապարակ տանող ճամբան ու Սատաթ կայարանը` արգելք հանդիսանալու համար, որ ցուցարարները այդտեղ հասնին: Բանակը նաեւ արգիլեց Թահրիր հրապարակ մուտք գործել: Իսլամ եղբայրներու համակիրները իրենց կարգին Ռամսես հրապարակին վրայ հաւաքուելով «Քոպարի 6 օքթոպըր»-ը փակեցին:

Երկու օր առաջ Գահիրէի մէջ Իսլամ եղբայրներու նստացոյցերու ցրուումին պատճառով 638 զոհ արձանագրուած էր:

Եգիպտոսի առողջապահութեան նախարարութիւնը յայտարարեց, որ երէկուան բախումները պատճառեցին 17 զոհ եւ 118 վիրաւոր:

Իսլամ եղբայրները Մանսուրայի մէջ դարձեալ ղպտիներու եկեղեցի մը հրկիզեցին: Եգիպտական ոչ կառավարական Անհատական իրաւունքներու եգիպտական նախաձեռնութիւն կազմակերպութիւնը յայտարարեց, որ չորեքշաբթի եւ հինգշաբթի օր ղպտիներու եւ այլ քրիստոնէական խմբաւորումներու պատկանող 25 եկեղեցիներ, անհատական տուներ եւ գործատեղիներ հրկիզուած են:

Մինչ այդ, Եգիպտոսի ժամանակաւոր իշխանութիւնները քննադատեցին Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամայի դատապարտումը Եգիպտոսի բռնարարքներուն:

Օպամա կառավարութեան կողմէ Ռապիա Ատաուիյա եւ Նահտա հրապարակներուն նստացոյցերը ցրուելու համար ապահովական ուժերուն տուած կանաչ լոյսը դատապարտեց եւ Եգիպտոսի հետ միացեալ ռազմափորձերը ջնջեց:

Ան ըսաւ, որ համագործակցութիւնը չի կրնար շարունակուիլ, մինչ քաղաքայիններ կը սպաննուին:

Բայց եւ այնպէս, ան Եգիպտոսի տրամադրուած 1.3 միլիառ տոլարի օժանդակութիւնը չջնջեց:

Եգիպտական նախագահութիւնը երէկ յայտնեց, որ Օպամայի խօսքերը «իրողութեան վրայ չեն հիմնուած» եւ «զինեալ խմբաւորումները պիտի քաջալերեն»: Նախագահութիւնը իր հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ նշեց, որ Եգիպտոս «ահաբեկչական արարքներ» կը դիմագրաւէ:

Հինգշաբթի ուշ գիշերին ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդը Ֆրանսայի, Բրիտանիոյ եւ Աւստրալիոյ պահանջով գումարեց նիստ մը, որուն աւարտին ՄԱԿ-ի մէջ Արժանթինի դեսպանը յայտնեց, որ խորհուրդը եգիպտական կառավարութեան եւ Իսլամ եղբայրներուն կոչ ուղղած է «առաւելագոյն զսպուածութիւն» ցուցաբերելու եւ բռնարարքներուն վերջ տալու:

Երէկ Գերմանիոյ կառավարութիւնը զգուշացուց, որ յաւելեալ բախումներ «կրնան Եգիպտոսը բռնարարքներու եւ հակաբռնարարքներու քաոսի մէջ խրել եւ յաւելեալ մագլցումի առաջնորդել»:

Յիշեցնենք, որ երկրին մէջ արտակարգ դրութիւն հաստատուած է եւ ապահովական ուժերուն իրաւունք տրուած է ինքնապաշտպանութեան համար իսկական փամփուշտներ օգտագործելու:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )