Նախագահ Սլէյման Նախագահեց Պաշտպանութեան Գերագոյն Խորհուրդի Նիստին
Նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ ներկայութեամբ հրաժարեալ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի եւ ապահովական թէ զինուորական պատկան կառոյցներու պետերուն, նախագահեց Պաշտպանութեան գերագոյն խորհուրդի նիստին:
Նիստին ընթացքին քննարկուեցան երկրի վերջին իրադարձութեանց, յատկապէս` Ռուէյսի պայթումին վերաբերող վերջին տեղեկութիւնները:
Ժողովականները լսեցին պատկան կողմերու զեկուցումներն ու այս գծով որդեգրուող միջոցառումները:
Անոնք նաեւ լսեցին արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Ատնան Մանսուրի զեկուցումը` Իսրայէլի դէմ Լիբանանի ներկայացնելիք բողոքին գծով:
CATEGORIES Լիբանանեան


