Յուլիսեան Պատերազմի Յաղթանակի Հանդիսութեան Իր Խօսքին Մէջ. Սէյիտ Նասրալլա Իսրայէլի Գործակալ Իսլամական Արմատականներուն Վերագրեց Ռուէյսի Պայթումին Պատասխանատուութիւնը

Սէյիտ Նասրալլա` պատկերասփռուած ճառին ընթացքին

«Ան որ գործադրեց Ռուէյսի պայթումը վճռած է բռնկեցնել ամբողջ շրջանը, եւ կը գտնուինք սկզբնական փուլին մէջ», յայտարարեց Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա երէկ, Այթա Շաապի մէջ Հըզպալլայի կազմակերպած Յուլիսեան պատերազմի յաղթանակի հանդիսութեան ընթացքին:

Պատկերասփռուած իր ճառին մէջ Նասրալլա «սպանդ» որակեց հինգշաբթի օր տեղի ունեցած Ռուէյսի պայթումը` նշելով, որ պայթումին պատճառ դարձած ինքնաշարժը կը կրէր աւելի քան հարիւր քկ պայթուցիկ ռումբ:

Նասրալլա այս առիթով ողջունեց շրջանի բնակիչներուն ցուցաբերած համբերատար եւ հասկցող, օրուան պատասխանատուութեան գիտակից մօտեցումը: Ան նաեւ դրուատեց պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնակատար Ֆայեզ Ղոսընի յայտարարութիւնը, ուր ան բացայայտօրէն նշած էր Պիր Ապտի առաջին պայթումին եւ վերջին ահաբեկչական արարքներուն յանցագործները:

«Մեր ձեռքերը անպայմանօրէն պիտի հասնին ձեզի, եթէ պետութիւնը չկարենայ այդ մէկը ընել», ընդգծեց Նասրալլա` խօսքը ուղղելով ուրիշները անհաւատ նկատող իսլամական արմատական մտածողութեան հետեւորդներուն:

Նասրալլա բուռն կերպով դատապարտեց պայթումը` «պատերազմ» յայտարարելով ուրիշները անհաւատ նկատող իսլամական արմատական շարժումներու հետեւորդներուն դէմ եւ տրամադրութիւն յայտնելով անձամբ մասնակցելու Սուրիոյ կռիւներուն: Ան յայտնեց, որ Հերմելի, Մաժտալ Այնճարի եւ Պիր Ապտի մէջ պատահած պայթումներու յանցագործներուն ինքնութիւնը յստակացած է: Ուրիշները անհաւատ նկատող այս շարժումները միաժամանակ կը հարուածեն քրիստոնեաներն ու իսլամները: Պահանջուածը ուրեմն այն է, որ ապահովական կառոյցները պարտին հետապնդել, քողազերծել ու կանխարգիլել նման պայթումներ: «Երկիրը քաղաքացիական պատերազմի մէջ մի՛ մխրճէք», շեշտեց Նասրալլա` նշելով, որ Սուրիոյ մէջ Հըզպալլայի զինեալներու թիւը պիտի կրկնապատկէ ու բազմապատկէ ի պահանջել հարկին:

Share this Article
CATEGORIES