Ինջիղուլեանի Հարցով. Հայաստանի Գերիներու, Պատանդներու Եւ Անյայտ Կորսուածներու Յանձնախումբը Կը Դիմէ Կարմիր Խաչի Միջազգային Կազմակերպութեան

Հայաստանի գերիներու, պատանդներու եւ անյայտ կորսուածներու յանձնախումբը Կարմիր խաչի միջազգային կազմակերպութեան կոչ ուղղեց աշխուժացնելու 8 օգոստոսի լուսցող գիշերը ազրպէյճանական զօրքերու պահպանութեան տարածքին մէջ պատահաբար յայտնուած եւ գերեվարուած հայ զինուոր Յակոբ Ինջիղուլեանին այցելելու ջանքերը:

«Կարմիր խաչի միջազգային կազմակերպութեան Պաքուի գրասենեակը մինչեւ այսօր որեւէ կարելիութիւն չէ ունեցած այցելելու ազրպէյճանական գերութեան մէջ գտնուող Հայաստանի քաղաքացիին, ինչ որ այսպիսի պաշտօն եւ հեղինակութիւն վայելող կազմակերպութեան պարագային մենք առնուազն մտահոգիչ կը նկատենք: Աւելի՛ն, կը տեղեկացնենք, որ Haggin.az կայքէջին վրայ տեղադրուած է եւ հետագային համացանցով տարածուած Հայաստանի քաղաքացի Յակոբ Ինջիղուլեանի` ազրպէյճանական լրատուական գործակալութեան տրուած «հարցազրոյց»-ին տեսանիւթը: Նշուած տեսանիւթին մէջ, ինչպէս  13 օգոստոսին տրուած իր հարցազրոյցին մէջ շնականօրէն նշած է Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ ծառայութեան ղեկավար Էլտար Սապիրօղլու, Յակոբ Ինջիղուլեանին ներկայացուած է ազրպէյճանական համազգեստներու տարբերութիւնը` նպատակ ունենալով բարոյահոգեբանական ճնշում գործադրել անոր վրայ եւ վիրաւորել արժանապատուութիւնը», ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ, որ տարածուած է Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու վարչութեան կողմէ:

Ընդգծելով, որ վերոյիշեալին պատճառով խախտուած են ժընեւեան ուխտի շարք մը դրոյթներ, յանձնախումբը նշեց, որ Կարմիր  խաչի միջազգային կազմակերպութիւնը հայկական իշխանութիւններուն տեղեկացուց, որ իրենց Պաքուի գրասենեակը հայ զինուորը գերութեան մէջ պահող պետութեան հետ երկխօսութեան միջոցով կը շարունակէ ջանքեր գործադրել Յակոբ Ինջիղուլեանին այցելելու ուղղութեամբ: «Յուսանք, որ Կազմակերպութեան ջանքերը յաջողութեամբ պսակուին եւ կանխուին անցանկալի հետեւանքները: Մահուան վրդովեցուցիչ դէպքերը Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիներ Գոռ Մանասարեանի եւ Մանուէլ Սարիբեկեանի, որոնք 2008 եւ 2010 թուականներուն գերեվարուած եւ սպաննուած էին գերութեան մէջ պահող պետութեան պաշտպանութեան տակ գտնուելու ընթացքին, որոնց կազմակերպութեան Պաքուի գրասենեակի աշխատակիցները չեն կրցած այցելել եւ որոնց սպանութեան կազմակերպիչները մինչեւ այսօր պատասխանատուութեան չեն ենթարկուած` ողբերգական նախադէպեր են», ընդգծուած է հաղորդագրութեան մէջ:

Հաղորդագրութեամբ «կրկին կոչ կ՛ուղղուի Կարմիր խաչի միջազգային կազմակերպութեան, որպէսզի վստահեցնեն Յակոբ Ինջիղուլեանին, որ հակառակ ազրպէյճանական լրատուամիջոցներուն մէջ տարածուած տեսանիւթին, այսուայմենայնիւ տեղի ունեցած դէպքը իրաւական հետեւանքներ չի յառաջացներ անոր համար, ինչպէս նաեւ ազրպէյճանական կողմի պատրաստակամութեան պարագային կազմակերպութեան ուժերով կազմակերպել եւ ապահովել Հայաստանի քաղաքացիին անվտանգ եւ շուտափոյթ վերադարձը Հայաստան»:

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES