Սամաթիոյ Յարձակումներուն Համար Ամբաստանուած Հայը Դատարանին Մէջ Ինքզինք Կը Պաշտպանէ

Մուրատ Նազարեան

«Մարմարա» օրաթերթը 15 օգոստոսին գրեց, որ «Սամաթիոյ պատահարները, որոնք որոշ ժամանակաշրջանի մը այնքան աղմուկ բարձրացուցած էին եւ մեկնաբանուած էին իբրեւ հայերու դէմ գործադրուած ատելավառ ու հետեւողական գործողութիւններ, այլեւս մոռցուած ըլլալ կը թուին եւ այս մասին նոր խօսք պիտի չըլլար, եթէ 14 օգոստոսին չկայանար այս հարցով ձերբակալուած Մուրատ Նազարեանի դատավարութեան երկրորդ նիստը»:

Նազարեան ձերբակալուած էր Նարիձա Քիւչիւքը սպաննելուն համար: Թաղեցիներէն շատեր չէին հաւատար, որ Մուրատ Նազարեան կրնար մարդ սպաննած ըլլալ, որովհետեւ ան հոգեբանական հարցեր ունեցող խեղճ մըն է, անօթեւան ու անօգնական: Առաջին օրերուն պահականոցի մէջ հարցաքննութեան ընթացքին Նազարեան ըսած էր, որ չի յիշեր, այդ ոճիրը ինք գործած չէ, սակայն թերեւս ալ կրնար գործած ըլլալ:

Մուրատ Նազարեան չորեքշաբթի օր առաջին անգամ ըլլալով իր փաստաբաններուն ընկերակցութեամբ ինքնապաշտպանութիւն կատարած է եւ դարձեալ պնդած, որ ինք չէ սպաննած: Ինչ կը վերաբերի պահականոցին մէջ իր նախկին յայտարարութեան, թէ թերեւս կրնար ինք սպաննած ըլլալ, մերժուեցաւ Նազարեանին կողմէ. ան ըսաւ, որ պահականոցին մէջ հոգեբանական ճնշումի տակ էր:

Դատարանը չորեքշաբթի օր որոշած է ընդլայնել քննութիւնը, ինչ որ կը նշանակէ, թէ Մուրատ Նազարեան դէմ առ դէմ պիտի բերուի այն միւս ծերունի կիներուն հետ, որոնք յարձակումի ենթարկուած էին: «Մարմարա» հարց կու տայ, որ «այդ կիները պիտի ճանչնա՞ն Մուրատ Նազարեանը: Զարմանալի է, որ այսպիսի գործողութիւն մը մինչեւ այսօր արդէն չէ կատարուած»:

Նարիձա Քիւչիւքի մերձաւորները, որոնք ներկայ եղած են նիստին, գանգատած են, որ դատավարութիւնը դանդաղ կ՛ընթանայ: Իսկ Մուրատ Նազարեանի ազգականները, որոնք նմանապէս ներկայ եղած են, դատարանէն դուրս գալու ընթացքին ցոյց մը կատարած են` յայտնելով, որ «արդարութիւն կը պահանջենք»:

«Հիւրրիյէթ Տէյլի Նիուզ» կը հաղորդէ, որ Մուրատ Նազարեանի ընտանիքը ըսած է, որ իրենք կ՛ուզեն, որ «գործին վրայ լոյս սփռուի» եւ վերականգնի իրենց բարի անունը:

Նազարեան նախապէս դատուած է թմրեցուցիչներու վաճառքի եւ գողութեան համար:

Յիշեցնենք, որ 84-ամեայ Նարիձա Քիւչիւք դեկտեմբեր 2012-ին Պոլսոյ Սամաթիա թաղամասին մէջ դանակահարուած էր:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )