«Յոյսով Եմ, Որ Օր Մը Թուրքալեզու Երկիրներու Ղեկավարները Հաւաքուին Ղարաբաղի Մէջ» Կ՛ըսէ Ապտիւլլա Կիւլ

Կիւլ եւ Ալիեւ

Ազրպէյճանական ԱՓԱ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ նախագահ Ապտիւլլա Կիւլ Ազրպէյճանի մէջ ընթացող թրքալեզու պետութիւններու խորհրդաժողովին ընթացքին յայտարարած է, որ Լեռնային Ղարաբաղի խնդիրը աշխարհի բոլոր թրքալեզու պետութիւններու համար կարեւոր հարց է:

Կիւլ նշած է, որ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապը պէտք է կարճ ժամկէտի մէջ լուծուի:

«Մենք լիակատար աջակցութիւն պիտի ցուցաբերենք այդ հարցի խաղաղ լուծման` Ազրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան ծիրին մէջ», ըսած է Կիւլ:

Ազրպէյճանական Կապալա քաղաքին մէջ թրքալեզու պետութիւններու համագործակցութեան խորհուրդի երրորդ վեհաժողովին ընթացքին Թուրքիոյ նախագահ Ապտիւլլա Կիւլ յոյս յայտնեց, որ թրքալեզու պետութիւններու ղեկավարներուն յառաջիկայ վեհաժողովներէն մէկը կարելի պիտի ըլլայ կայացնել Լեռնային Ղարաբաղի մէջ:

«Լեռնային Ղարաբաղի խնդիրը այն կարեւորագոյն հարցերէն մէկն է, որ կը գտնուի թրքական աշխարհի օրակարգին վրայ: Ղարաբաղի խնդիրին մէջ սթաթիւս քոյի պահպանումը անընդունելի է: Մենք կ՛ընենք ամէն ինչ, որպէսզի պաշտպանենք այն բոլոր խաղաղ նախաձեռնութիւնները, որոնց հիման վրայ կրնայ լուծուիլ Լեռնային Ղարաբաղի խնդիրը` Ազրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան պահպանմամբ հանդերձ», յայտարարեց Կիւլ` յատուկ ընդգծելով հետեւեալը. «Յոյսով եմ, որ պիտի գայ օր մը, երբ մենք բոլորս պիտի հաւաքուինք Լեռնային Ղարաբաղի քաղաքներէն մէկուն մէջ»:

Խորհրդաժողովի տանտիրոջ կարգավիճակ ունեցող Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ, դիմելով իր թրքալեզու գործընկերներուն, նշեց, որ խորհուրդի անդամ պետութիւնները միջազգային կառոյցներուն մէջ մշտապէս զիրար կ՛աջակցին: Այդ առումով ղարաբաղեան տագնապը եւս բացառութիւն չէ:

«Մեր պետութիւնները իրենց նպաստը կը բերեն շրջանային ապահովութեան ամրապնդման գործին: Հակառակ անոր, Ազրպէյճանի միջազգայնօրէն ճանչցուած տարածքային ամբողջականութիւնը խաթարուած է, հայկական կողմը ազրպէյճանցիներուն դէմ իրականացուցած է ցեղային զտումներու քաղաքականութիւն եւ խախտուած են միջազգային բոլոր չափանիշերը: Ղարաբաղեան տագնապի շուտափոյթ լուծումը պիտի ամրապնդէ շրջանային ապահովութիւնը: Ղարաբաղեան տագնապը պէտք է լուծուի Ազրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան հիմքին վրայ: Այս մօտեցումը տեղ գտած է նաեւ մեր վեհաժողովի ամփոփիչ փաստաթուղթին մէջ», յայտարարեց Իլհամ Ալիեւ:

ԱՓԱ լրատուական գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Կապալայի խորհրդաժողովի մասնակիցներուն միացեալ յայտարարութեան 13-րդ կէտին մէջ նշուած է, որ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապը շրջանային ապահովութիւնը խոչընդոտող գլխաւոր գործօններէն մէկն է: Թրքալեզու պետութիւններու համագործակցութեան խորհուրդը համաձայն է ղարաբաղեան տագնապի լուծման ուղղուած որեւէ քայլի, պայմանով որ անոնք ենթադրեն Ազրպէյճանի` միջազգայնօրէն ճանչցուած սահմաններուն պահպանումը»:

Այս յայտարարութեան տակ ստորագրած երկու պետութիւններ` Ղազախստան եւ Խըրխըզիստան, Հայաստանի դաշնակիցներն են Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան շրջագիծին մէջ:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )